2010-10-13 14:06:55

Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին։


Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը ժողով գումարեց 5-9 Հոկտեմբեր (2010-ին) Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ, Հռոմ, նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ բոլոր Թեմերու Առաջնորդներուն։
Սիւնհոդոսական Հայրերը աչքէ անցուցին նախորդ Սիւնհոդոսին որոշումները եւ կատարեցին գնահատումը անոնց տրուած ընթացքին։ Ապա պատրիարքական Ծիսական, Կանոնական, Միութենական, Հաղորդամիջոցներու, Քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբերու նախագահները ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները եւ ուսումնասիրութիւնները մեր եկեղեցական կեանքին հայող այլազան մարզերուն վերաբերեալ։
Ա. Քրիստոնէական դաստիարակութիւն
Զեկուցում տրուեցաւ մեր վարժարաններուն մէջ կիրարկուող՝ դասագրքերու շարքին տպագրութեան վերաբերող աշխատանքին, ինչպէս նաեւ նօթագրուած հոգեւոր երգերու եւ երեք խտասալիկներու հրատարակումին։
Սիւնհոդոսական Հայրերը շեշտեցին երիտասարդներուն ուղղուած յատուկ դաստիարակչական հրատարակութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ դասատուներու աւելի բծախնդիր ընտրութեան եւ անոնց զարգացման կատարելագործումին։
Բ. Նոր Երանելիներու դատի հետապնդումը
Ս. Աթոռին պատկան իշխանութիւնները դրական մօտեցում ցոյց տալով այս կարեւոր գործին նկատմամբ, Սիւնհոդոսական Հայրերը քաջալերեցին Պատրիարքական Յանձնախումբը շարունակելու՝ իր աշխատանքը նորանոր վկայութիւններ եւ պատմական վաւերագրեր որոնելու եւ մէկտեղելու համար, մանաւանդ աշխարհական նահատակներու ըստ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կանոնական ցուցմունքներուն եւ պայմաններուն, անոնց երանացման դատը յառաջացնելու համար։
Գ. Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններ
Յանձնախումբին նախագահը զեկոյց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ոչ-Քաղկեդոնական Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրին մէջ, կը զարգանան եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք կը սատարեն մերձեցումի եւ միութեան, Աստուծոյ օրհնութեամբ։ Ան ընդծեց մտքերու դրական մօտեցումը վարդապետական հարցերու առնչութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեան ու գործակցութեան ջանքերը։
Դ. Հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացում
Զեկուցում տրուեցաւ Յանձնախումբին աշխատանքներուն մասին, որոնք կ՛ընդգրկեն բոլոր հաղորդամիջոցները որ կը ծառայեն Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ծանօթացնելու եւ տարածելու։ Այս մարզին մէջ կը մտնեն յատկապէս Աւետիք պաշտօնաթերթը, Պատրիարքութեան կայքէջը, Վատիկանի Ձայնասփիւռը ու Թելէ Փաչէ հեռատեսիլի կայանը։
Ե. Ծիսական հարցեր
Աւարտած են աշխատանքները՝ ծիսական բարեփոխումներու հայող, յատկապէս Ս. Պատարագի Խորհրդատետրի, Մկրտութեան, Դրոշմի, Պսակի խորհուրդներու եւ Թաղման կարգի մատակարարման հայող։ Յետ մանրամասն քննարկումի, որոշուեցաւ անյապաղ հրատարակել այդ վերատեսուած մատեանները։
Զ. Թեմերու իրավիճակին քննարկում.
Սիւնհոդոսական Հայրերը յատուկ կարեւորութեամբ ուսումնասիրեցին Թեմերու իրավիճակը եւ համապատասխան որոշումները առին։
Է. Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու յատուկ Սիւնհոդոս
Նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն յատուկ Սիւնհոդոսի գումարումը, Հռոմ, 10-24 Հոկտեմբեր (2010), Սիւնհոդոսական Հայրերը ուսումնասիրեցին մեր Համայնքին վերաբերեալ Հարցերը Միջին Արեւելքի մէջ, ծանրանալով յատկապէս աղօթքի հոսանքին վտանգալից երեւոյթին վրայ դէպի նոր ափեր, ինչպէս նաեւ կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ հաւատացեալներուն քրիստոնէական վկայութեան եւ հաղորդութեան իրենց ոչ-քրիստոնեայ շրջակայքին հանդէպ։
Սիւնհոդոսի փակման նիստին, Հայրերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան եւ նկատեցին անոնց ժխտական ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքին վրայ։ Առաջադրուեցաւ մօտէն հետեւիլ մեր երիտասարդները յուզող հարցերուն, ըլլայ ուսումնական շրջանին թէ ասպարէզ ապահովելու պահուն։ Նկատի առնուեցան զանազան միջոցներ դիմագրաւելու համար անոնց տնտեսական, կրթական եւ հոգեւոր տագնապները եւ սատարելու անոնց յարմար լուծումին։
Հուսկ, Սիւնհոդոսի Հայրերը իրենց աղօթքները բարձրացուցին, յոյս յայտնելով որ դրական քայլերը որ կ՛արձանագրուին քաղաքական գետնի վրայ, յատկապէս Հայաստանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրբ Երկրի մէջ, շուտով տան իրենց պտուղները, քաջալերելով անոնց բնակիչները որ կառչած մնան իրենց հայրենիքին եւ վառ պահեն քրիստոնէական վկայութիւնը այս աշխարհամասին մէջ, օրրանը քրիստոնէութեան։
Հռոմ, 9 Հոկտեմբեր 2010
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին







All the contents on this site are copyrighted ©.