2010-10-13 13:22:55

ԷՈՒՐՕ-2012

Հայաստան Դարձեալ Յաղթական ։ Արդիւնքը՝ 4-0 .


Էուրօ -2012-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի երէկուան զոհը Անտորրան եղաւ։ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտին վրայ նշանակած իր չորս կոլերով Հայաստան նուաճեց արդար յաղթանակ մը,ուրախացնելով աշխարհասփիւռ հայութիւնը, դաշտը գրեթէ լեցուցած համակիրները, որոնց շարքին էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ։ Գէորգ Ղազարեան եղաւ բախտաւոր այն մարզիկը, որ նշանակեց այս մրցումին առաջին եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 100-րդ կոլը։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչն է Վարդան Մինասեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.