2010-10-12 14:20:51

Ցոյց Պաքուի Մէջ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Դէմ.


Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած ՝՝Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան անդամները՝՝ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատասխանատու ներկայացուցիչներուն Պաքու ժամանելուն առիթով։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան մեկնեցան Պաքու, Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ Ծովու յանձնախումբի ժողովին մասնակցելու նպատակով։ Ցոյցը կատարուեցաւ Պաքուի պիզնըս կեդրոնին մէջ, ուր տեղի կունենայ համաժողովը։
Ցոյցի մասնակիցներէն քանի մը հոգին ձերբակալուեցան։







All the contents on this site are copyrighted ©.