2010-10-12 14:15:46

Միջին Արեւելքի Յատուկ Սիւնոդոս - Երրորդ Նիստ


Երեքշաբթի 11 հոկտեմբեր 2010, կը շարունակուի միջին արեւելքի համար գումարուած սինդոսական նիստը որ պիտի տեւէ մինչեւ 24 Հոկտեմբեր:
Նիստին սկիզբը, Ղպտի եկեղեցւոյ ծէսով կատարուեցաւ Երրորդ Ժամու ժամասացութիւնը որուն աւետարանի ընթերցումը կատարեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքը՝ Անթոնիոս Նակիպ:
Ապա շարունակուեցան օրուան զեկուցումները միջամտութեամբ՝ Կարտինալ Անճելօ Սոտանոյի՝ Կարտինալական Համահաւաք Դասի Նախագահին, որուն յաջորդեցին զանազան եկեղեցիներու եպիսկոպոսները, որոնք խորացուցին եւ ուսումնասիրեցին "Ինսդրումէնդում Լապորիսի" աշխատանքային թղթածրարի նիւթերը, որոնց վրայ կեդրոնացած է այս սիւնոդոսական նիստը:
Նշենք թԷ եպիսկոպոսներու զեկուցումներու շարքին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան սիւնոդոսական Հայրերը։
Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիկոպոս Միրիաթեան՝ Հալէպի եւ բարձր Ճէզիրէի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը, երկուշաբթի օրը յետ միջօրէին սիւնոդոսի երկրորդ նիստի ընթացքին, անդրադարցաւ աշխատանքային թղթածրարի թիւ 76 - 84 համարներուն որոնք կը հային միջեկեղեցական "էգումենիգ" շարժումին։
Իսկ այսօր ելոյթ ունեցան գերապայծառ Ռաֆայել Մինասեան` Սուրբ Երկրի Վիճակաւորը որ խօսեցաւ Միջին արեւելքի հաղորդամիջոցներու իրողութեան մասին անդրադառնալով անոնց կարեւոր դերին եկեղեցիներու առաքելական ասպարեզէն ներս. իսկ Լատին Ամերիկայի առաջնորդը՝ Գերապայծառ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան աշխատանքային թղթածրարի թիւ 54 -55 համարներուն անդրադառնալով խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ հաղորդութեան նիւթին մասին եւ յատկապէս երեք կէտերու մասին: Սփիւռքի իրողութիւնը եւ անոր կապուած պատրիարքներու իրաւասութիւնը միջին արեւելքի հողամասէն դուրս գտնուող հաւատացեալներուն վրայ, ասոր կից պատրիարքքներու սահմանային իշխանութեան հարցը եւ ի վերջոյ Քահանայապետի ընտրութեան արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքներու անմիջական մասնակցութիւնը:
Կարճ դադարէ ետք , նիստի աշխատանքները շարունակուեցան ընտրելով Սունոդոսական հայրերուն ՜՜Վերջին Պատգամին՝՝ շարադրող յանձախումբը թիւով 12 որոնցմէ 10-ն քուէարկութեամբ ընտրուեցան սիւնոդոսական նիստի ընթացքին, ամէն եկեղեցիէ կամ համահաւաք դասէ մէկ անդամ, իսկ միւս երկուքը պիտի նշանակուին ուղղակի Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.