2010-10-11 11:25:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Սրբազան Հօր Կոչը Միջին Արեւելքի Քքրիստոնեաներուն. ՜՜Չվհատիլ Յաչս Դժուար Կեանքի Պայմաններուն։
Կիրակի օրը, հանդիսաւոր պատարագով, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։
Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց քրիստոնեայ աշխարհը աղօթելու՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի անոնք չվահատին հակառակ իրենց կեանքի դժուար պայմաններուն։
՜՜Տիրոջմէն հայցենք որ Միջին Արեւլելքի քրիստոնեաներուն պարգեւէ շնորհքը միութեան, որպէսզի անոնք կարենան քաջաբար վկայութիւն տալ Աւետարանին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ՝ այդ հողամասը յատկանշուած է բաժանումներով ու վիրաւորուած` հին զինեալ ընդհարումներով՝՝։
՜՜Եկեղեցին, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, կանչուած է այդ աշխարհամասին մէջ ըլլալու՝ նշան ու միջոց միութեան ու հաշտութեան՝՝։
Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց մեծ կրօնները մերժելու եւ դատապարտելու բռնութիւնը եւ խնդրեց Միջազգային հասարակութենէն որդեգրել անկեղծ եւ կառուցողական քաղաքականութիւն մը խաղաղութեան հաստատումին համար։
Երկուշաբթի 11 հոկտեմբերի ,առաւօտուն Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու սիւնոդոսին։
Սկիզբը՝ սիւնոդոսական հայրերը առաւօտեան ժամասացութիւն կատարեցին, որուն յաջորդեց գերապայծառ Էդերովիչի` եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարի տեղեկագիրը։ Երկու շաբաթուայ աշխատանքներու ընթացքին, սիւնոդոսական հայրերը, ինչպէս նաեւ 36 մասնագէտներն ու 34 ունկնդիրները միատեղ պիտի ժողովին, ընդհանուր 14 նիստերուն ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.