2010-10-11 14:44:23

Արեւելեան Կանոնագիրքի Մասին Գիտաժողով Վատիկանի Մէջ։


Արեւելեան կանոնագիրքի վաւերացման 20-րդ տարեդարձին առթիւ,Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 9 հոկտեմբերին ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան կանոնագիրքի գիտաժողովի մասնակցողներուն՝ թիւով շուրջ 300 հոգի։
Նորին Սրբութիւնը այդ բարեպատեհ առիթէն օգտուելով ընդգծեց թէ ՜՜Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիները կարող են իրենց յատուկ ու նշանակալից սատարը բերելու համամիութեան ընթացքին օրթոտոքս Եկեղեցիներու հետ՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.