2010-10-10 12:38:45

Բացում Արեւելեան Եկեղեցիներու Յատուկ Սիւնհոդոսին - Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարի մէջ


Կիրակի 10 հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի՝ Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագիով սկիզբ առաւ արեւելեան եկեղեցիներու նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 24 Հոկտեմբեր, եւ որուն կը մասնակցին արեւելեան եկեղեցիներու բոլոր եպիսկոպոսները։
Սրբազան արարողութիւնը նախագահեց նորին սրբութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ի ներկայութեան 177 սիւնհոդասական Հայրերու եւ սիւնհոդոսի նիստի մասնակցողներուն (19 Կարտինալ, 9 Պատրիարք, 72 Արքեպիսկոպոս, 67 Եպիսկոպոս, 10 Քահանայ եւ 69 օգնականներ)։
Արարողութեան մասնակցող Արեւելեան եկեղեցիներու եօթը պատրիարքներն են. Կարտինալ Նասրալլահ Սֆէյր՝ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնիներու Պատրիարքը, Գրիգոր Գ. Լահհամ՝ Անտիոքի եւ համայն  Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ ու Երուսաղէմի յոյն մելքիթ կաթողիկէներու Պատրիարքը, Էմմանուէլ Գ.՝ Բաբելոնի Կաթողիկէ գաղդէացիներու Պատրիարքը, Անթոնիոս Նակիպ՝ Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Ներսէս Պետրոս ԺԹ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը, Մար Իգնատիոս  Եուսէֆ Գ. Եունան՝ Ասորիներու (Սուրիաններու) Անտիոքի Պատրիարքը, եւ ֆուատ Թուալ ՝ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը։

Պատարագի ընթացքին արտասանուեացան արեւելեան զանազան լեզուներով աղօթքներ եւ կատարուացան հոգեւոր երգեցողութիւններ իսկ սպասարկութիւնը կատարեցին արեւելեան եկեղեցիներու Սարկաւագներ՝ եւ նորընծաները։
Իր Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ուզեց շեշտել այս առիթի յատուկ բացառիկութիւնը ՜՜շնորհքը հաւաքելու առաջին անգամուայ համար Սուրբ Պետրոսի գերեզմանի շուրջ, Միջին Արեւելեան շրջանի բոլոր Եպիսկոպոսները Հռոմի Եպիսկոպոսի հետ միասին, մասնակցելու՝ Միջին Արեւելքի նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսին։
Այս յատուկ առիթը ցուցաբերումն է համայն եկեղեցւոյ շահագրգռութեան, ՜՜հանդէպ Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն՝՝։
Փառք տանք Աստուծոյ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ հակառակ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, Միջին Արեւելքի մէջ` Յիսուսի ժամանակներէն ի վեր Քրիստոնեաները շարունակեցին գոյատեւել։ Իմ եղբայրական խօսքս կ̓ ուղղեմ արեւելքի եկեղեցիներու պատրիարքներուն՝ (ամէն մէկուն) եւ իրենց միջոցաւ իրնց հովուած ժողովուրդին, ըլլայ միջին արեւելքի մէջ եւ ըլլայ սփիւռք։

Եկեղեցին գոյութիւն ունի, ըլլալու՝ մարդոց մէջ ՜՜նշան՝՝ եւ գործելու՝ միակ եւ ընդհանրական փրկագործ ծրագիրին, ան կը կատարէ այս առաքելութիւնը պարզապէս ըլլալով ՜՜Հաղորդութիւն եւ վկայութիւն՝՝ ինչպէս կ՝արտասանէ այսօրուան Սիւնհոդոսի բնանիւթը։ Առանց Հաղորդութեան վկայութիւն չի կրնար ըլլալ եւ վկայութիւնը կը կայանայ հաղորդութեան մէջ։ Ինչպէս Յիսուս ըսած էր Յովհաննէս 13, 35 ՜՜Ասո՛վ բոլորը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ սէր ունենաք իրարու հանդէպ”:
Սրբազան Քահանայապետը քարոզը աւարտեց յանձնելով Սիւնհոդոսական աշխատանքը Միջին Արեւելքի սուրբերու եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի խնամատարութեան , որպէսզի յաջորդ օրերուն մեր աղօթքները, մեր խորհրդածութիւնները եւ մեր հաղորդութիւնը ըլլան պտղաբեր միջին արեւելքի ներկայ եւ ապագայի սիրալիր ժողովուրդին։
՜՜Խաղաղութիւն քեզի Խաղաղութիւն քու տանդ եւ խաղաղութիւն այն ամէն բաներուն որ քեզի կը պատկանին՝՝։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.