2010-10-09 13:24:18

Հայաստան Ժամանած Իրանի Խորհրդարանի Նախագահ Ալի Լարիճանի .


Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ երէկ Հայաստան ժամանեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը՝Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Լարիճանիի միջեւ։ Անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւններուն, կողմերը կարեւոր նկատեցին միջ-խորհրդարանական յարաբերութեանց զարգացումը, ինչ որ պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ փոխադարձ գործակցութեան խորացումին բազմաթիւ ուղղութիւններով։ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ 2009 թուականի սեպտեմբերին Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան եւ կարեւոր նկատեց այդ ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Ան նաեւ նշեց, որ փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու ամրապնդման, եւ Ալի Լարիճանիի այցելութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի պիտի աշխուժանան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի երկիրներու փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ առկայ խնդիրներուն։ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ Հայաստան կը ցանկայ խաղաղ ապրիլ իր դրացիներուն հետ, եւ խնդիրները պէտք է լուծել բանակցութիւններու միջոցով։







All the contents on this site are copyrighted ©.