2010-10-09 13:38:35

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ


RealAudioMP3 Կիրակի 5 Դեկտեմբեր 2010
Երրորդ Կիրակի Յիսնակաց
(Ղուկաս 13, 1-9)
ՙԿտրէ զայն, ինչու՞ երկիրը կը խափանէ՚
Քրիստոսի դատաստանը ահաւոր է անպտուղ անձին մասին։ Նման այն թզենիին որ տարիներէ ի վեր, հակառակ իրեն վրայ տարուած խնամքին ու գուրգուրանքին պարտիզպանին կողմէ, տակաւին պտուղ չի տար եւ արգելք կ՛ըլլայ ուրիշ ծառերու կամ բոյսերու աճումին, նողնպէս ալ քրիստոնեան, որ կ՛ապրի հասարակութեան մը մէջ եւ որ հակառակ իր ստացած շնորհքներուն ու հոգեւոր խրատներուն, կը մնայ տակաւին ա
նուղղայ եւ բարի պտուղ չի տար, մանաւանդ թէ իր չար օրինակով ալ կը վարակէ ուրիշները, արժանի կ՛ըլլայ աստուածային արդար զայրոյթին. Ի՞նչ գործ ունի այս ժխտական անձը քրիստոնէական կամ կրօնաւորկան հասարակութեան մը մէջ, ուր փոխանակ յառաջանալու, հետզհետէ ետեւ կ՛երթայ, բոլոր հասարակութեան արգելք հանդիսանալով եւ ընդհանուրին մթնոլորտը փոխելով։
Քահանան` որ միջնորդն է Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ, նման բարի պարտիզ-պանին, կը միջամտէ անպտուղ անձին ի նպաստ, կը խոստանայ աւելի մօտէն զբաղիլ անով, յորդորել զինք ապաշխարանքի եւ զգաստութեան, յուսալով որ, անշուշտ նաեւ Աստուծոյ շնորհքին ազդեցութեան տակ` անուղղայ անձը փոխէ իր ընթացքը, զգաս-տանայ եւ անդրադառնայ իր սխալներուն վրայ, ու անկեղծ զղջումով ետ դառնայ ողորմած Հօր մօտ, նման անառակ որդիին, վերստանալու համար իր նախնական բոլոր շնորհքներն ու հոգեւոր առաւելութիւնները։
Ապաշխարանքը կ՛ենթադրէ զոհողութիւն, իսկ զոհողութիւնը յառաջ կու գայ սէրէն. Եթէ մեծ է մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ, մեր ապաշխարանքն ալ կրնայ շատ մեծ արդիւնքներու հասնիլ. Եթէ մեր սէրը անկեղծ է, մեր ապաշխարանքն ալ կ՛ըլլայ սրտանց ու կը ծառայէ մեզ աւելի եւս մօտեցնելու Տիրոջ։
Հին ժամանակ` նիւթական ծանր ապաշխարանքներ կը պարտադրուէին մարդոց, ըստ իրենց յանցանքներու մեծութեան. Ոմանք տարիներով` խոնարհ ու ծառայական գործեր պարտական էին ընելու, ուրիշներ հեռաւոր տեղեր ուխտագնացութեան երթալու էին, շատեր իրենք զիրենք կը ձաղկէին խարազաններով, ուրիշներ մազէ ու գուրձէ շինուած ոչ-հանգստաւէտ զգեստներ կը հագուէին, եւայլն…։
Այսօրուած ապաշխարանքը յաճախ կը բաղկանայ աղօթքներէ, երբեմն ալ կը կայանայ կամաւոր զրկումներու մէջ, ինչպէս հրաժարիլ կարգ մը համեղ ուտելիքներէ, քաղցրեղէններէ, կամ թէ դադրեցնել ծուխն ու խմիչքը որոշ շրջանի մը համար. Ոմանք նոյնիսկ կը զրկեն իրենք զիրենք զուարճալի ու հաճոյալի աշխարհային զանազան ձեռնարկներէ, թատրոնէ, շարժապատկերէ, պտոյտներէ…՛
Այս տեսակի ապաշխարանքները աւելի քաջալերուած են այսօր Եկեղեցւոյ կողմէ եւ գնահատուած են հասարակութենէն, որով որոշ զոհողութեան հոգի կը պահանջեն անձէն։ Ինքզինք նեղի դնելով` մարդ կը զսպէ իր մարմնոյն ու զգայարանքներուն ախորժակները եւ պատրաստ կը դարձնէ իր անձը ընդունելու աստուածային ու հոգեւոր մխիթարանքները. Սակայն զգոյշ ըլլալու է ու չափաւոր. Պետք չէ վնասել ինքիր առող-ութեան եւ պահելու է հաւասարակշռութիւնը մարմնոյ եւ հոգւոյ պահանջքներուն միջեւ։
Սիրելի հաւատացեալ, ապաշխարութիւնը լոկ երկրորդական եւ անպէտ քայլ մը չէ եկեղեցւոյ մէջ. Ան Քրիստոսի առաջին քարոզութեան մէջ կը գտնուի եւ անհրաժեշտ է ու կարեւոր մեր փրկութեան համար. Եթէ չապաշխարէք – կ՛ըսէ Յիսուս – ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Ապաշխարելով է որ բարի պտուղներ կ՛արտադրենք. Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.