2010-10-08 13:11:54

Քահանայապետական Անուանումներ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Ռոպերթ Սարան որպէս նախաԳահը ''Մէկ Սիրք'' քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդին։ Ան նախապէս կը վարէր քարտուղարի պաշտօնը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին. 65ամեայ Կինվեացի այս եկեղեցականը, որ ունի պաշտօնը մատակարարելու քահանայապետական եղբայրօգնութիւնները աշխարհի բոլոր կարօտեալներուն, կը յաջորդէ գերմանացի կարտինալ Բոլ Ժոզէֆ Գորտեսին։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը նշանակեց գերապայծառ Մաուրօ Բիաչենցան որպէս կառավարիչը կղերի ժողովին, որ մինչեւ օրս քարտուղարի պաշտօնը կը վարէր նոյն ժողովին մէջ, յաջորդելով կարտինալ Գլաուտիօ Հիւմմէսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.