2010-10-08 13:13:42

Սամուէլ Բալասանեան Ազգային Ժողովի Փոխ-Նախագահ.


Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Բալասանեան երէկ ընտրուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ։Խորհրդարանի 74 պատգամաւորներ Բալասանեանի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկեցին, իսկ դէմ՝ 6։ Սամուէլ Բալասանեան անցեալին անդամակցած է Օրինաց Երկիր կուսակցութեան եւ 2007 թուականէն ի վեր անկախ պատգամաւոր էր, իսկ վերջերս անդամագրուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան։ Ազգային ժողովի երկու փոխ-նախաահներէն մէկուն պաշտօնը համաձայնական կառավարութեան համաձայնութեամբ յատկացուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան։ Այդ պաշտօնը թափուր մնացած էր Արեւիկ Պետրոսեանի հրաժարականէն ետք։







All the contents on this site are copyrighted ©.