2010-10-08 13:12:11

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունեց Իրանի Փոխ Նախագահը։


Անցեալ չորեքշաբթի օրը, ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Իրանի փոխ նախագահը Հաճ Սայիտ Թաճատինին, այս հանդիպումը տեղի կ'ունենայ մինչ Ս. Աթոռը իր մտահոգութիւնը յայտնած է այդ երկրին մէջ կիրարկուող մահապատիժի դրութեան ի տես։ Իրանի քրիստոնեաներու հարցը նաեւ պիտի ծեծուի Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրած է իրանցի իսլամ կրօնապետ Սաիտ Մուսթաֆա Տամատը` որ փրոֆեսոր է Թեհրանի իրաւաբանութեան համալսարանի մէջ եւ անդամ՝ գիտութեանց իրանեան կաճառին.







All the contents on this site are copyrighted ©.