2010-10-08 13:15:20

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայկական Ռօմանսի ստեղծիչն ու կանոնաւորողe՝ Ռոմանոս Մելիքեան։

Ռոմանոս Մելիքեան ծնած է Տաղստանի Ղզլար քաղաքին մէջ 1883-ին. Իր նախնական ուսումները առնելէ ետք ծննդավայրին մէջ, կը մեկնի Նոր Նախիջեւան, ուր Գ. Չորեքճեանէն կը ստանայ երաժշտական ուսուցումը ։ Իր մէջ յայտնուելով երաժշտութեան սէրն ու բնատուր տաղանդը, կ՛ուղարկուի Ռուսիա, Ռոստովի երաժշտական ուսումնարանը. 1906-ին, կ՛ընդունուի Մոսկուայի ժողովրդական երաժշտանոցը, ուր կ՛ունենայ որպէս ուսուցիչ Եակորսքին։

1908-10-ը թուականը` երաժշտութիւն կ՛ուսուցանէ Թիֆլիսի Յովնանեան դպրոցին մէջ. Նոյն քաղաքին մէջ կը կազմակերպէ Երաժշտական Լիկա մը։

1910-14 կը մեկնի Բեդերսպուրկ, եւ կը յաճախէ տեղւոյն նշանաւոր երաժշտանոցը, կատարելագործելու համար բազմաձայն երգեցողութեան եւ գործիքային սարքաւորումներու արուեստը։ Ապա կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր կը մնայ առաջին համաշխարհային պատերազմի շրջանին. Պատուիրակութեամբ Վան կ՛երթայ օգտակար դառնալու համար տեղահանուած հայութեան, 1916-ին։

1921-էն սկսեալ` կը տեղափոխուի Սովետական Հայաստան եւ կը սկսի կազմել երգչախումբեր ու նուագախումբեր ամէն կողմ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ. Կը հանդիսանայ երկրի մեծագոյն ղեկավարներէն մին եւ կը դառնայ երաժշտական խորհրդատու նորաստեղծ Օփերայի թատրոնին, 1932-ին։

Մելիքեան կը մեռնի Թիֆլիսի մէջ 1935-ին. Իր մարմինը կը փոխադրուի Երեւան, ուր կը հանգչի այժմ մայրաքաղաքի Պանդէոնին մէջ։

Զինք կարելի է սեպել որպէս ստեղծիչն ու կանոնաւորողը հայկական Ռօմանսին. Ան վերջնականապէս ձեւաւորեց զայն ու տուաւ անոր հայկական ուրոյն գունաւորում. Ունի մեղեդիական ոճ մը, նոր յատկութիւններով, որոնք են խորունկ անհատականութիւնը եւ ազգայն բանաստեղծութեան ներդրումը ազգային երաժշտութեան մէջ. Առաջինն է որ կարողացաւ յաջողագոյն կերպով ընդելուզել երկու արուեստները, բանաստեղծութիւնն ու երաժշտութիւնը, նոր ուղի մը բանալով հայ երաժշտագէտներու առջեւ։

Իր յօրինած Ռօմանսներէն` յիշենք. Աշնան տողեր, իր առաջին ռօմանսը, յօրինուած 1908-ին. Ապա` Վարդը, Աշուն, Ուռենի, Անջատում։ Ունի նաեւ ձայնալարային ստեղծագործութիւններ – Զմրուխտ եւ Զառ-վառ – ինչպէս նաեւ յօրինած է պիոներական երգերու ժողովածու մը։

Իր ամէնէն նշանակալից յօրինուածքն է Նոր օրերի երգեր քնարական երգերու շարքը, որ ժողովրդական գոյն ունենալուն համար, շատ սիրուեցաւ բոլորէն եւ յաճախ կ՛երգցուի զանազան հանդէսներու առթիւ։Իր ազդեցութիւնը շատ խոր եղաւ իրեն աշակերտող եւ իրեն յաջորդող հայ երաժիշտներու վրայ. Անոնք սկսան նորանոր որոնումներ կատարել եւ յաջողեցան նոր ստեղծագործութիւններով ճոխացնել հայկական երաժշտութեան արդէն բաւականին ընդլայնուած ու հարստացած երգապաշարը։ Յիշենք նաեւ որ իր անունը անմահացաւ հայ երաժշտութեան մէջ. Արդարեւ այժմ Երեւանի երաժշտական ուսումնարանը կը կոչուի Ռոմանոս Մելիքեան երաժշտանոց եւ հոն է որ կը դաստիարակուին մեր ապագայ երաժշտագէտները։

Ռոմանոս Մելիքեան կը մնայ մեր դարգլուխ բացող երաժիշտներէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.