2010-10-08 13:18:32

Եւորպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Կ՝ընդունի Հակահայ Փաստաթուղթ Մը ։


Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի երրորդ աշխատանքային օրուան ընթացքին ընդունուեցաւ ՝՝Ազրպէյճանցի զինուորներու դիակները վերադարձնելու կարեւորութիւնը՝՝ վերնագիրով փաստաթուղթը, որ Հայաստանին կոչ կուղղէ Ազրպէյճանին վերադարձնելու Ազրպէյճանի բանակի ենթասպայ Մուպարիզ Իպրահիմովի եւ սպայ Ֆարիտ Ահմետովի դիակները։ Փաստաթուղթը պատրաստած էր Ազրպէյճանի պատուիրակութեան անդամ Կենիրա Պաշայեւ։Վեհաժողովը կոչ կուղղէ Հայաստանին վերադարձնելու դիակները(կ՝ըսուի փաստաթուղթին մէջ)։Նիստին ընթացքին վեհաժողովի նախագահը յայտարարած է, որ փաստաթուղթը ընդունուած է։
Միւս կողմէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի չորեքշաբթի օրուան լիագումար նիստին ընթացքին ընդունուեցաւ յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կուղղուի Ազրպէյճանին կատարելու Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները։ Յայտարարութիւնը, որուն տակ ստորագրեցին վեհաժողովին շուրջ երեք տասնեակ երեսփոխաններ, նախաձեռնեց Եւրոպական Խորհուրդին մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր ՝՝Ժառանգութիւն՝՝ խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ այս փաստաթուղթով Եւրոպական Խորհուրդը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է ղարաբաղեան տագնապը լուծելու միմիայն խաղաղ ճամբով եւ բացառել ուժի կիրարկման սպառնալիքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.