2010-10-07 14:22:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 7 հոկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

- Տիար ֆերնանտօ Սանդա Գրուզի` Չիլիի նոր դեսպանի հաւատարամագրերը

- Կարտինալ Փոլ Գորտէս` նախագահը Մէկ Սիրտ բարեսիրական քահանայապետական խորհուրդին։

- Վենեզուելայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Ուպալտօ Սեքերա, որուն ընկերացան համահաւաք դասի փոխ նախագահը, ընդհանուր քարտուղարը եւ Գարագաս թեմի առաջնորդը կարտինալ Սավինօ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ընկերային հաղորդակցութեանց գիտաժողովին մասնակցողները, որուն նիւթն է կաթողիկէ մամուլը եւ համացանցը։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը դիտել տալէ ետք ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու յարաճուն յեղաշրջումը, ըսաւ թէ լրագրողին առաջին պարտականութիւնը՝ ճշմարտութեան փնտռտուքն է ։ Կաթողիկէ լրագրողը կանչուած է ունենալու մտաւորական պարկեշտութիւն։ Քրիստոնեայ լրագրողը իր զօրութիւնը պէտք է գտնէ Քրիստոսի մէջ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ով որ կը գործէ հաղորդակցութեանց միջոցներով, եթէ չուզեր ըլլալ Պօղոս առաքեալի ըսածին պէս պղինձ մը որ կը հնչէ եւ ծնծղայ մը որ կը ղօղանջէ, պէտք է որ ունենայ ներքին ոյժ մը ՜՜արժէքները՝՝ պաշտպանելու։

Կաթողիկէ լրագրողին կոչումն է՝ օգնել ժամանակակից մարդիկը ճանչնալու Քրիստոսը` միակ Փրկիչը եւ միշտ վառ պահել յոյսի ջահը արժանաւորապէս ապրելու ներկան եւ պատշաճօրէն կերտելու ապագան։

Ասոր համար կը խրախուսեմ ձեզ, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով , մշատեւ վերանորգելու ձեր անհատական ընտրութիւնը Քրիստոսի հանդէպ։

Կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու ձեր ոչ դիւրին յանձնառումին մէջ, ու իմ աղօթքովս ձեզի կ`ընկերանամ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ձեր յանձնառումը դարձնէ պտղաբեր եւ արդիւնալի։

Սիրալիր ու երախտապարտ իմ օրհնութիւնս կու տամ ձեզի եւ ասով կ`ուզեմ ողջագուրել բոլոր անոնք որոնք կ`աշխատին կաթողիկէ մամուլին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.