2010-10-07 14:22:25

Միջ-կրօնական Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահի Յառաջիկայ Այցելութիւնը Փաքիստան.


Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է թէ՝ ընդառաջելով Փաքիստանի եպիսկոպոսներու հրաւէրին, յառաջիկայ Նոյեմբերին Փաքիստան պիտի երթայ։

՝՝Քրիստոնեաներու կրած հալածանքը աշխարհի մէջ՝՝ հարցումին պատասախանելով կարտինալ Թոռան ըսած է. ՜՜բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք հաւատացեալ կը հռչակեն , կարող չեն սպաննել, բռնաբարել ու կործանել։ Նման արարքներ անհաշտ են հաւատքին հետ եւ անընդունելի ։ Կարտինալը իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս կ'անդրադառնար ծայրայեղ իսլամներու ահաբեկչական արարքներուն ։

Յայտնենք թէ Փաքիստանը մահմէտական պետութիւն մըն է եւ վերջերս եղած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը։ Անցեալ 15 սեպտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, մաղթած է որ որ կրօնական ազատութիւնը, հաշտութեան մտադրութիւնը եւ խաղաղութիւնը գերիշխէ ատելութեան եւ բռնութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.