2010-10-07 13:59:05

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահները :


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն, Ռոպըրթ Պրատքէն, Իկոր Փոփովը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Համանախագահները նախարար Նալբանդեանին ներկայացուցին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները եւ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մէջ իրականացուելիք դաշտային գնահատման առաքելութեան ծրագիրը։ Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահներուն իր վրդովումը յայտնեց նախանցեալ օր ազրպէյճանական բանտին մէջ առեւանգուած հայ հովիւ Մանուէլ Սարիբէկեանի սպանութեան առնչութեամբ եւ նշեց, որ շուրջ 25 օր նոյնիսկ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները կարելիութիւն չեն ունեցած անոր հետ տեսակցելու ։ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ աւելի կանուխ Նախիջեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Նախանցեալ օր Մինսքի խմբակի միջնորդները Պաքուի մէջ երեք ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի ղեկավար Պայրամ Սաֆարովի հետ։ Անոնք Երեւան անցան Նախիջեւանէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.