2010-10-07 14:23:23

Բարի վերամուտ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրաոյն վարժարանի


Լիբանան - Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2010ի առաւօտեան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրաոյն վարժարանի մանկապարտէզի բակը աշխոյժ եռուզեռ կը տիրէր։ Վերամուտն էր 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանի։ Մանկապարտէզի շրջափակին մէջ հաւաքուեր էին աւելի քան 243 մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ։
Դպրոցական տարեշրջանի առաջին օրը միշտ իւրայատուկ կըլլայ։ Այդպիսին էր նաեւ այս օրը։ Առաջին օրը մանուկներուն համար խոստումնալից ու տպաւորիչ դարձնելու նպատակով, վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրով մանուկները զուարճացնելու եկած էր աղութիս ծանօթ Բարի տարեդարձ խումբը։ Երն ու պարը, եւ անոնց ընկերացող ուրախ ծիծաղը բարձր տրամադրութիւններ կը ստեղծէին շուրջբոլոր, իսկ ուրախ կերպարները՝ նապաստակը եւ ծաղրածուն կը շրջէին շրջափակին մէջ, անմիջական շփումի մէջ մտնելով մանուկներուն հետ։ Անոնք դպրոցական այդ օրը պիտի անցընէին իրենց ծնողքին հետ միասնաբար մինչեւ կէսօրուան ժամը 11:00, որմէ ետք պիտի մեկնէին դպրոցէն, իրենց հետ տանելով ունաւոր փուչիկները՝ իբրեւ վերամուտի նուէր։ Աւելի քաղցրացնելու համար օրը, մանուկներուն մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը բաժնեց նաեւ քաղցրահամ շաքարներ։
Մէկ անքամ եւս կը մաղթենք բարի վերամուտ Մեսրոպեան մանկապարտէզի բոլոր մանուկներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.