2010-10-06 14:41:53

Պարսելոնայի մէջ, երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը եկեղեցիներու միութեան առաջնորդող միակ ճամբան է յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս


«Եկեղեցւոյ միութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը այսօր» նիւթին մասին խօսելով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց միութեան առաջնահերթութիւնը՝ իբրեւ աղբիւր եկեղեցւոյ ներքին հզօրութեան ու անոր առաքելութեան ազդու կենսագործման՝ ներկայ աշխարհի տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Վեհափառը հրաւիրուած էր Պարսելոնայի (Սպանիա) մէջ տեղի ունեցող Սենթ Էճիտիոյի միջազգային համագումարին՝ խօսելու եկեղեցւոյ միութեան յատկացուած նիստին։ Վեհափառը իր խօսքին սկսաւ ակնարկելով էքիւմենիք շարժումի ներկայ կացութեան։ Ան ըսաւ, թէ կարելի չէ խօսիլ եկեղեցւոյ միութեան մասին առանց խօսելու էքիւմենիք շարժումին մասին, որովհետեւ, Էքիւմենիք շարժումը ո՛չ միայն շրջագիծն է միութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, այլեւ անոր գոյութեան պատճառն է։ Այսօր, համաձայն վեհափառին, էքիւմենիք շարժումը լուրջ տագնապի մատնուած է, շարք մը պատճառներով։ Այդ պատճառներու կարգին կÿարժէ յիշել համաշխարհայնացումը, տնտեսական դժուարութիւնները, միջկրօնական երկխօսութեան առաջնահերթութիւնը եւ եկեղեցիներու անտարբերութիւնը։ Հետեւաբար, այսօր նաեւ եկեղեցւոյ միութեան խնդիրը դարձած է ոչ այնքան հրատապ եկեղեցիներու համար։
Այս ընդհանուր մուտքէն ետք վեհափառը յիշեցուց, որ անցնող 50 տարիներուն միութեան գծով հսկայ աշխատանք տարուած է թէ՛ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, թէ՛ Վատիկանի եւ թէ՛ շրջանային եկեղեցական խորհուրդներուն կողմէ։ Կատարուած աշխատանքը վեհափառը բաժնեց երեք մասերու։ Առաջին բաժինին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ այն աշխատանքներուն, որոնց հիմնական նպատակը եկեղեցւոյ միութեան հասկացողութեան յստակացումն էր, ինչպէս նաեւ միութեան նոր տարազներու փնտռտուքը։ Երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ աստուածաբանական երկխօսութիւններուն, որոնք լուսարձակի տակ բերին եկեղեցիները իրարմէ բաժնող խնդիրները, օրինակ՝ Քրիստոսի բնութեանց հարցը, պապին գերագահութիւնը, տիեզերական ժողովները եւ յՈրդւոյ բխումը, եւ այլն։ Երրորդ բաժինին մէջ վեհափառը խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ յառաջացած գործակցութեան մասին՝ պարզելով գործակցութեան շարք մը մարզեր, որոնք իրագործուեցան եկեղեցական խորհուրդներու ճամբով։
Իբրեւ եզրակացութիւն վեհափառը շեշտեց, որ երկար դարեր իրարմէ հեռացած, նոյնիսկ իրարու հակադրուած եկեղեցիներ աստուածաբանական երկխօսութեան ու միջեկեղեցական գործակցութեան ճամբով իրարու մօտեցան եւ սկսան միասին մտածել, միասին ծրագրել ու գործել՝ բնականաբար կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Վատիկանը, յատկապէս Վատիկանի երկրորդ ժողովէն ետք, նշանակալից դեր ունեցան այս գծով։
Յայտնենք, որ Սենթ Էճիտիոյի համագումարին մասնակցեցաւ աւելի քան 500 հոգի, որոնց շարքին՝ նախագահներ, նախարարներ, համալսարանական դասախօսներ եւ աշխարհի բոլոր կրօնները ներկայացնող բարձրաստիճան պատասխանատուներ







All the contents on this site are copyrighted ©.