2010-10-06 13:03:52

 Լիբանանի Վարչապետ Հարիրի Վաղը Կը Մեկնի Հայաստան


Վարչապետ Սաատ Հարիրի վաղը երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Հայաստան։ Հարիրիի պիտի ընկերակցի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն հիմնական քննարկումները պիտի կեդրոնանան վեց տարի առաջ երկու պետութիւններուն միջեւ ստեղծուած միջ-կառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն վրայ։ Հայաստանի մէջ Հարիրի հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Վարչապետ Հարիրիի Հայաստան այցելութեան մասին Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժեպրայիլ Ժըարան ՝՝Ռատիոլուր՝՝-ին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հայաստան այցելութեան նպատակն է երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդել՝ բարելաւելով Պէյրութ-Երեւան տնտեսական գործակցութիւնը։ Ժըարա յայտնեց, որ կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ ստորագրել երեք համաձայնագիրեր զբօսաշրջութեան, արդիւնաբերութեան եւ մշակութային մարզերուն վերաբերող։







All the contents on this site are copyrighted ©.