2010-10-05 14:47:42

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան - Հաղորդագրութիւն 


Կիրակի 3 հոկտեմբեր 2010-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց մեկնեցաւ Հռոմ։
5-էն 9 հոկտեմբերին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որ տեղի պիտի ունենայ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ եւ պիտի ուսումնասիրէ եկեղեցական կեանքին վերաբերող այլազան երեսները։
10-էն 24 հոկտեմբերին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մասնակցի Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար յատկացուած յատուկ Սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, նախագահութեամբ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին եւ մասնակցութեամբ արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հովուապետերուն։ Այս ժողովը պիտի քննարկէ քրիստոնեաներու իրավիճակը Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ, մեկնելով այս Սիւնհոդոսին համար նախապատրաստուած □Instrumentum Laboris□ ուղեգիծէն։
Այս առիթով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելութիւններ եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ, Հռոմ՝ իր կեցութեան ընթացքին, յատկապէս Հռոմի քաղաքապետին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.