2010-10-05 14:47:10

Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի գնահատումով ներկայ մշակութային մթնոլորտը աննպաստ է ընտանիքին։


Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդը սեպտեմբեր 30-3 հոկտեմբեր Զաղապրիա (Գրուաթիա) իր 40-րդ ընդհանուր հաւաքը գումարած է, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ ''Եւրոմիութեան ընտանեկան քաղաքականութիւնը''։ Ժողովական հայրերը իրենց հաւաքին աւարտին ցաւով դիտել տուած են թէ ներկայ մշակութային մթնոլորտը աննպաստ է ընտանիքին, որուն հետեւանքով ծննունդներու պակասը ամէնուն յայտնի է։ կաթողիկէ ընտանիքները պէտք են ամրապնդուիլ հաւատքին մէջ վճռակամօրէն դիմագրաւելու ներկայ ընտանիքի հանդէպ աննպաստ մշակոյթը, որ կը մտի հարցականի մէջ դնել անհատի, ազատութեան, հաւատարմութեան, սիրոյ եւ ընտանիքի արժէքները։ Եպիսկոպոսները դիտել կու տան թէ Եւրոմիութիւնը կ'ուզէ սահամանափակել բժիշկներու խիղճի ազատութեան իրաւունքը աւելի հեշտ դարձնելու վիժումը։ Նման պայմաններու մէջ եկեղեցին պէտք է իր ներշնչումը գտնէ յոյսի մէջ։ Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսն է եւ այդ պատճառաւ եկեղեցին չի յոգնիր հաստատել հիմնական արժէքները կեանքի, ամուսնութեան, ընտանիքի, կրօնական ազատութեան եւ դաստիարակութեան։ Այս արժէքները հիմը կը կազմեն ընկերային եւ քաղաքական բոլոր արժէքներու

Վատիկան - Հոկտեմբեր 6-10 կը մասնակցի Գերմանիոյ գիրքի տօնավաճառին, ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գրութիւններն եւ Վատիկանի Թանգարանի հրատարակութիւնները։ Հոկտեմբեր 7-ին նախատեսուած է մամլոյ ելոյթ մը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբոր։դութիւններու մասին, որոնց ամէն մէկ ճամբորդութեան մասին վատիկանի տպագրատունը գիրք մը հրապարակած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.