2010-10-05 14:47:20

Երուսաղէմ - երկխօսութիւնը նիւթը պիտի հանդիսանայ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին հաստատած է գերապայծառ Էդերովիչ` ընդհանուր քարուղարը եպիսկոպոսներու սիւնոդոսին


Ս. Երկրի պահակութեան երկամսիայ պարբերաթերթին հետ ունեցած ելոյթով գերապայծառ Էդերովիչ յայտնած է թէ Միջին Արեւլքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի կէտնպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ Հրեաներու հետ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ, թէեւ աւելի դժուար, մահմետականներու հետ երկխօսութիւնը։ Գերապայծառ Էդեերովիչի գնահատումով` քրիստոնեայ արաբ հաւատացեալները բնական կամուրջ մը կը հանդիսանան իսլամութեան հետ։ Ան նաեւ հաստատած է թէ եպիսկոպոսներու այս արտակարգ սիւնոդոսը համամիութենական առաջին սիւնոդոսը պիտի ըլլայ քանի անոր պիտի մասնակցին Միջին Արեւելքի գլխաւոր կրօնապետերը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչները հրեայ եւ մահմետական կրօներու։ Սիւնոդոսի պաշտօնական լեզուները պիտի ըլլան. արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը եւ իտալերէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.