2010-10-05 14:47:01

Աուստրալիա իր առաջին սուրբը պիտի ունենայ յանձին մայր Մերի Մագիլոբին, յառաջիկայ հոկտեմբեր 17ին։


Մայր Մերի Մագիլոբ ծնած է 1842ին եւ վախճանած 1909ին։ Ան եղած է համահիմնադրուհին Ս. Յովսէփ Աստուածահօր իգական միաբանութեան, որուն նպատակն է քրիստոնեական դաստիարակութիւն ջամբել անչափահսներու եւ խնամել ու դարմանել աղքատները։
Վատիկանի մամլոյ գրասփնակի տնօրէնը յիսուսեան հայր Լոմբարտին խօսելով նոր սրբուհիին մասին, որակեց զայն որպէս անչափահասներու, աղքատներու եւ մասնաւորապէս բնիկներուն մեծ խնամատարը եւ մեծ պաշտպանը մարդու արժանաւորութեան։ Անոր սրբադասման ծիսակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ վատիկան յառաջիկայ 17 հոկտեմբեր, Ս. ՊԵտրոս տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։







All the contents on this site are copyrighted ©.