2010-10-05 12:46:03

2010-Ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ


ՀՕՄ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՍԵՄԻՆԱՐԸ. ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՁԱՅՆԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, վերջերս Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը նուիրուած ստեղծագործ հայ կիներու։ Գրադարանի սրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած էին պատմութեան էջերուն մէջ իրենց արժանի տեղը գրաւած հերոսուհիներու դիմանկարները, հայ գրականութեան փայլք տուած հայ կին գրողներու հրատարակութիւնները, արուեստագիտուհիներու գեղանկարները եւ ՀՕՄ-ուհիներու նրբաճաշակ ձեռագործներն ու այլ հետաքրքրական իրեր։

Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Պոզոյեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ընդգծեց հայ կնոջ կարեւոր դերը հայկական իրականութեան մէջ՝ վեր առնելով անոնց արժանիքները հայ ընտանիք եւ ազգ պահելու դժուարին պարտականութեան մէջ։ Ան ուրախութեամբ ողջունեց 2010 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետի կողմէ Հայ կնոջ տարի հռչակելու քայլը, որ առիթ պիտի դառնայ նաեւ գնահատելու 100-ամեայ Հայ օգնութեան միութիւնը։ Ան նաեւ նշեց ներկայութիւնը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանին եւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ Հինտոյեան (նոյն օրը առաւօտեան) քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ արժանացած էր Տարուան Կինը տիտղոսին։ Օրուան դասախօսներն էին՝ Սոնա Զէյթլեան, որ խօսեցաւ Հայ կնոջ պատմութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ նիւթին շուրջ, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան՝ Շարունակուող տառապանք։ Եղեռնը վերապրած, եղեռնի զոհ հայուհին Թուրքիոյ մէջ, դոկտ. Դալար Շահինեան՝ Բազմապատկանելիութիւն եւ ենթաբաժանեալ Կեանքեր. ժամանակակից հայ կինը իր խոհերով նիւթին շուրջ։
Աւարտին, Լենա Պոզոյեան համադրելէ ետք ներկայացուած նիւթերը, հարց ու պատասխանի առիթ ընծայեց ներկաներուն։
Յայտագրի վերջին բաժնով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ դաստիարակչական յանձնախումբին մօտ Շրջանային վարչութեան կապ Աստղիկ Շիթիլեան, որ առաջին հերթին Շրջանային վարչութեան շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան դասախօսներուն՝ իրենց ներկայացումներուն համար, ապա դաստիարակչական յանձնախումբին՝ եզակի այս ձեռնարկի կազմակերպման համար, իսկ ներկայացուած նիւթերուն վրայ յենելով՝ ներկաներուն թելադրեց, որ իբրեւ մեծ մայրեր ու մայրեր՝ իրենց պարտականութիւնը ըլլայ հայ կնոջ մասին կատարուած հաստատումները, պատմական իրողութիւններն ու արձանագրուած փաստարկումները փոխանցել յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս, իբրեւ հարազատ հայուհիներ, ինքնավստահութեամբ շարունակեն իգական սերունդի ներկայացուցիչներուն սկսած սրբազան պարտականութիւնները մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ՝ հայ կնոջ ձայնը լսելի դարձնելով համայն աշխարհին։ Այնուհետեւ Շիթիլեան, առ ի գնահատանք օրուան դասախօսներուն, իւրաքանչիւրին յանձնեց ՀՕՄ-ի խորհրդանիշը եւ Արցախի Մամիկն ու Պապիկը կրող յուշամետալ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.