2010-10-04 13:45:51

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Անթիլիաս։


Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ նախկին Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Գոնրատ Ռայզըրի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք այցելեց եւ հանդիպում մը ունեցաւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեանի հետ:        

Սրբազանը հիւրերուն խօսեցաւ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին բազմերես առաքելութեան, Լիբանանէն ներս  Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան մասին ու պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Ապա, հիւրերը այցելեցին Մայր Տաճար, Նահատակաց Մատուռ եւ Կիլիկիա Թանգարան:

Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր, յանուն Արամ Ա. Վեհափառին, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան, Մասիս Վրդ. Զօպույեան եւ Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեան այցելեցին հիւրերուն եւ բարի կեցութիւն մաղթեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.