Զուիցերիոյ մէջ գումարուած ժողովի մը ժամանակ իրենց հրապարակային ելոյթին ընթացքին Հայոց
Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ անուանած թուրք Ալի Մերճանն ու իր երկու ընկերները ՝՝Զուիցերիա-Հայաստան՝՝
միութեան նախագահ Սարգիս Շահինեանի կողմէ բացուած դատի մը հիման վրայ ենթարկուած են քրէական
պատասխանատուութեան։ Երեք թուրքերը դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած են ՝՝ցեղապաշտութիւնը
կանխելու մասին օրէնք՝՝ը խախտելնուն համար։ Սահմանուած է 150 բանտարկութեան եւ 30 հազար
զուիցերիական ֆրանք տուգանքի պատիժ։ Վճռաբեկ դատարանի կարգավիճակ ունեցող Զուիցերիոյ
դաշնակցային դատարանը հաստատած է սահմանուած պատիժի օրինականութիւնը։ Ըստ թրքական
՝՝Սոնտաքիքա՝՝ լրատուամիջոցին, երեք թուրքերը մտադիր են դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական
դատարան։