2010-10-02 12:49:08

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Խաչը Տեղադրուած(կարծես գաղտնի գործողութեան ձեւով) Մարմարա-Պոլիս.


Աղթամարի Սուրբ խաչ Եկեղեցւոյ վրայ խաչը ժամ առաջ տեղաւորելու խնդրին մէջ Կարսի Կուսակալութիւնը յարգած է իր խոստումը եւ նախընթաց օր ու երէկ կատարուած աշխատանքներէ վերջ Խաչը Տեղադրուած Է։
Բայց այս գործողութիւնը կատարուեցաւ կարծես գաղտնի գործողութեան ձեւով պաշտօնական տեղեկութիւն չտրուեցաւ,լրագրողներ չընդունուեցան կղզիին մէջ, որպէսզի կարենային լուսանկարել։ Կը թուի թէ Կարսի Կուսակալութիւնը այս զգուշութիւնը ցոյց տուաւ որպէսզի արգելք ըլլայ խանգարիչ միջամտութիւններու,մանաւանդ որ նոյն օրը անդին,Անիի նախկին հայոց եկեղեցիին մէջ Ազգայնամոլ Տէվլէթ Պահչէլիի առաջնորդութեամբ կը կատարուէր նամազի արարողութիւն մը իբր փոխադարձութիւն Աղթամարի արարողութեան։ Վանի Կուսակալը կապ հաստատած է Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ.Արամ Աթէշեան Սրբազանին հետ,որու վերին տնօրինութեամբ Վան մեկնած են Տ.Թաթուլ Ծ.Վ.Անուշեան եւ Արժ.Գրիգոր Աւագ Քհնյ.Տամատեան։ Մինչ Թաթուլ ծ.Վարդապետը բարձրանալով մինչեւ տաճարին գագաթը Սրբալոյս Միւռոնով կ՝օծէր տեղադրուած փառաւոր հսկայ Խաչը , Գրիգոր Աւ.Քահանան եկեղեցւոյ ստորոտէն անոր կ՝ընկերանար յատուկ շարականներու երգեցողութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.