2010-10-01 13:18:27

Ֆրանսուայ Ռոշպլուանի Զեկուցումը Լեռնային Ղարաբաղի Մասին։


29 սեպտեմբերին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ յունիս 2010-ին ֆրանսացի երեսփոխաններու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան մասին զեկուցումին վերաբերեալ։ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, զեկուցումին հեղինակն էր Լուարի շրջանէն ընտրուած երեսփոխան եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան։ Արցախ այցելած խորհրդարանականներէն մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան նաեւ Փասքալ Քրոզոն եւ Ռընէ Ռուքէ։ Ֆ. Ռոշպլուան ներկայացուց ֆրանսացի երեսփոխաններուն այցելութեան նպատակը, շնորհակալութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան այցելութեան կազմակերպման եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար։ Ըստ երեսփոխանին այսօր Լեռնային Ղարաբաղը յուզող հարցը Ղարաբաղի ժողովուրդի անկախութեան միջազգային ճանաչումն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.