2010-10-01 12:56:50

Փոքրիկն Արամ Խաչատուրեան Արժանացաւ Համաշխարհային Մրցանակի։


Հովանաւորութեամբ՝ Սուրիոյ մշակութային նախարարութեան, նախաձեռնութեամբ լեհական դեսպանատան ու կազմակերպութեամբ Դամասկոսի Սըլհի Ուատի երաժշտական ուսումնարանին, վերջերս Դամասկոսի Ասատ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սըլհի Ուատի դաշնակի համաշխարհային երրորդ մրցումը, որ նուիրուած էր լեհ համաշխարհային մեծ երաժիշտ Շոփենի ծննդեան 200-ամեակին։ Յայտնենք, որ ան հիմնադիրը եղած է Սուրիոյ Երաժշտական եւ Թատերական Բարձրագոյն Ուսումնարանին, օփերային եւ սիմֆոնիք նուագախումբին։ Մրցումին դիմած էին 200 դաշնակահարներ աշխարհի չորս կողմերէն, անկախ իրենց քաղաքացիական պատկանելիութիւններէն անոնցմէ էր 51 հոգի, եւ թելադրուած՝ որոշ յայտագիրէ մը կտորներ ներկայացնել։ Մասնակցողները բաժնուած էին չորս խումբերու՝ ըստ տարիքի։
Մեծ թիւով սուրիահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մրցումին։
Աւարտին, Արամ Խաչատուրեան, Ժատ Պաղտատի հետ միասին, իրենց խմբակին (9-12 տարեկան) առաջին մրցանակին արժանանալէ ետք, առանձինը կը նուաճէ բոլոր խմբակներուն առաջին դիրքը, որուն վերապահուած էր աննախընթաց առիթ մը Լեհաստան դաշնակի դասընթացքի մը մասնակցելու, ինչպէս նաեւ՝ Շոփենի նուիրուած միջազգային փառատօնին մասնակցելու եւ ներկայ գտնուելու, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր ամսոյն , Լեհաստանի մէջ։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.