2010-10-01 12:31:59

Ս. Աթոռը ՄԱԿ.էն Կը Խնդրէ Բարոյական Անկիւնադարձ Մը Ժողովուրդներու Ճշմարիտ Զարգացումին Ի Տես։


Ս. Աթոռի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթին, մասնկացած է ՄԱԿի համաժողովի 65-րդ նիստի աշխատանքներուն, սեպտեմբեր 29ին՝ խօսք առնելով ՝ խնդրած է քաղաքական եւ տնտեսական բարոյական անկիւնադարձ մը, որպէսզի ժողովուրդներու ամբողջական զարգացումին հազարամեակի կէտնպատակները չդառնան խաբկանք մը։
Վատիկանի դիւանագէտը ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին խօսք առնելով անդրադարձաւ Միացեալ ազգերու 192 երկիրներու վերջին հանդիպումին, երկուհազարամեակի կէտնպատակներուն որ կը նախատեն աղքատութեան զանգուածային վերածումը մինչեւ 2010-ը։ Ողջունելով աղքատութեան բնաջնջումին վճռակամութիւնը՝ Վատիկանի դիւանագէտը ըսաւ ՜՜պիտի չկարենանք իրագործել այդ կէտնպատակները եթէ ի գործ չդնենք երկու բարոյական մեծ հրամայականները։ Առաջին հարկաւոր է որ հարուստ պետութիւնները յարգեն իրենց խօսքը եւ սատարեն թերաճ երկիրներու քատրերու կազմաւորման։ Եկրորդ հարուստ թէ աղքատ երկիրները կանչուած են տնտեսական թէ քաղաքական բարոյական անկիւնադարձ մը կատարելու երաշխաւորելով՝ լաւ կառավարում եւ կաշառակերութեան արմատահանումը։ Առանց այս երկու պաշարներու կարող ենք 2015 թուականին հասնիլ անբաւարար արդիւնքներու, եւ հազարամեակի կէտնապատակները պիտի դառնան լոկ խաբկանք մը՝ ժողովուրդներու ամբողջական զարգացումին ի տես՝՝։
Նոյնպէս գերապայծառ Մամպերթի պաշտպանեց կրօնական ազատութեան սկզբունքը, որ կ'ենթադրէ իւրաքանչիւր անձին ,իրաւունքը ՜՜հրապարակաւ արտայայտելու ու տարածելու իր հաւատքը՝՝։ Այս սկզբունքը հիմնաքարն է մարդու իրաւունքներու կառոյցին։
Հուսկ Գերապայծառ Մամպերթին ողջունեց վերջերս ստորագրուած դաշնագրերը հայող՝ համաշխարհային խաղաղութեան ինչպէս՝ միջուկային զէնքերու ոչ ծաւալումի 8-րդ դաշնագիրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.