2010-10-01 13:22:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Երիդասարդութեան 26.րդ Համաշխարհային Օրուայ Համար . 2011-ին Մատրիտ՝ 16-21 Օգոստոս։


՝՝ Արմատացած եւ հաստատուած Յիսուս Քրիստոսի վրայ,հիմնուած հաւատքի վրայ՝՝ (Կողոսացիներ 2,7).
2011-ի Օգոստոս 16-էն 21, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտ կայանալիք Երիտասարդութեան 26-երորդ Համաշխարհային Օրուայ համար,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գրի առած պատգամը (որ լոյս տեսաւ 3 սեպտեմբերին) կը կեդրոնանայ սա նախադասութեան վրայ ՝՝ Նախ զԱստուած փնտռել, ապա մնայուն գործի ապահովութիւնը ՝՝ ։
Ես (կ՝ըսէ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ) յիշելով իմ երիտասարդութիւնը ,գիտեմ որ կայունութիւնը ու ապահովութիւնը չեն հարցեր ,որոնք գլխաւորաբար կը զբղացնեն երիտասարդին միտքը։ Անշուշտ թէ աշխատանքը,գործը որ ապահովութիւն կը ներշնչէ շատ մեծ հարց մըն է եւ ստիպողական։ Բայց միաժամանակ երիտասարդութիւնը այն տարիքն է՝ յորում երիտասարդները մանջ ու աղջիկ մեծ կեանքի մը փնտռտուքին մէջն են ։ Բոլոր դարերու ընթացքին,նաեւ մեր օրերուն բազմաթիւ երիտասարդներ խորապէս կը փափաքին որ անհատներու միջեւ յարաբերութիւնները կայանան՝ճշմարտութեան եւ զօրակցութեան մէջ։ Մարդը(կ՝նդգծէ Քահանայապետը) իսկապէս ստեղծուած է բոլոր անոր համար որ մեծ է ,յաւերժութեան համար. որեւիցէ ուրիշ բան անբաւարար է. Աստուած կեանք է...եւ ճիշդ ասոր համար իւրաքանչիւր էակ կեանքի կը ձգտի. Եւ ամենէն եզակի եւ ուրոյն կերպով մարդկային անձն է (ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն) որ կը ձգտի կեանքին, կը ներշնչուի՝ սէրէն,ուրախութենէն եւ խաղաղութենէն ։Ուստի կ՝ըմբռնենք որ անհեթեթութիւն է այսինքն հակասութիւն՝ պահանջել Աստուած ջնջելը՝ ապրել տալու համար մարդը։ Աստուած է աղբիւրը կեանքին,ջնջել Աստուած կը նշանակէ բաժնուիլ այդ աղբիւրէն եւ անխուսափելիօրէն կը նշանակէ զրկուիլ՝լիութենէ եւ ուրախութենէ։
Ընկերութեան մը մէջ որ կը ստեղծէ ՝՝դրախտներ՝՝ առանց Աստուծոյ,երիտասարդները պէտք է որ իրենց յոյսը դնեն Տիրոջ վրայ։ ՝՝Եղէք վկները քրիստոնէական յոյսին համաշխարհայնականացումի ներկայ ժամանակաշրջանին(կ՜ըսէ Պենետիտկոս ԺԶ իր պատգամին մէջ)քանի ընկերութիւնը կը նախընտրէ անգիտանալ կամ մէկդի թողուլ զԱաստուած եւ ստեղծել այլընտրաքային ՝՝դրախտներ՝՝։ Սրբազան Հայրը կոչ կ՝ընէ երիտասարդներուն ամրապնդելու իրենց ճանապարհը հաւատքի՝ Աստուծոյ մէջ,Աստուած՝հայրը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։ Դուք ապագան՝ ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ(ինչպէս որ կը գրէր Պօղոս Առաքեալ Կողոսիոյ առաջին քրիհստոնեաներուն) կենսական է ունենալ՝ արմատներ եւ ամուր հիմեր(կը շեշտէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ)։







All the contents on this site are copyrighted ©.