2010-09-30 13:32:52

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Տեսապնակը (DVD), Դաստիարակչական Ծանօթութիւններով։


Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան տեսապնակը (DVD) հրապարակի վրայ է. (այսպէս կը տեղեկացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքը)։      

Սոյն պատրաստութեան մէջ, 13 եւ 14 Օգոստոս 2010-ին Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր Ս. Պատարագէն ու աւանդական խաղողօրհնէքէն բացի, մասնաւոր տեղ յատկացուած է քրիստոնէական դաստիարակութեան: Առ այդ, եկեղեցական արարողութիւններէն բացի, այս տեսապնակին մէջ ներառուած են Ս. Աստուածածնի մասին լայն ծանօթութիւններ, թէ՜ անոր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն մասին, թէ՜ վերափոխման ու իր անձին կապուած միւս տօներուն, եւ թէ Ս. Կոյսին առնչուած մեր ժողովուրդին ունեցած բոլոր աւանդութիւններուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.