2010-09-30 13:21:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը 2011-ի Ընկերային Հաղորդակցութեանց Համար. ''Ի՞նչ Է Ճշմարտութիւնը Թուարկումի Դարաշրջանին'' Նիւթին Մասին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի պատգամը 2011-ի ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային 45-րդ օրուան համար ունի որպէս նիւթ ''ի՞նչ է ճշմարտութիւնը թուարկումի դարաշրջանին'', հաղորդագրած է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Սրբազան Քահանայապետին պատգամը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ 24 յունուար 2011ին, Ս. ֆրանչիսքոս տէ Սալեսի՝ լրագրողներու պաշտպան սուրբի տօնին օրը։
Ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը այդ ուղղութեամբ կը գրէ թէ՝ մեր դարաշրջանին կը գերիշխէ ճարտարարուեստը` թեխնիքը, հետեւաբար անհատական արժէքներու վկայութիւնը հիմնական է։ Մօտենալ ճշմարտութեան եւ ստանձնել յանձնառումը քարոզութեան հաղորդավարներէն եւ մասնաւորապէս քրիստոնեայ հաղորդավարներէն կը խնդրէ երաշխիքը ճշմարիտ կեանքի։
Հուսկ ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը կ'ուզէ հրաւիրել հաւատացեալները որ աշխատին որ անհատը դառնայ կեդրոնը հաղորդակցութեան եւ ոչ միջոցը։
Փնտռտել Ճշմարտութիւնը քան մակերեսային կերպով ապրիլ - 25 օգոստոս 2010-ին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսած է թէ քրիստոնեաները պէտք է փնտռտեն ճշմարտութիւնը, առանց վախի, փոխանակ մակերեսային կեանք մը ապրելու։ Նշենք թէ ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային օրը, միակը որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն հաստատուած է 1963ին։ Առաջինը տեղի ունեցաւ 1966-ին։ Եկեղեցիներու մեծամասնութիւնը յիշատակութեան թուական ընտրած է Պենետկոստէի նախորդող կիրակին։
2010-ին համար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որպէս նիւթ ընտրած էր. ''Քահանան եւ հովուութիւնը թուարկումի աշխարհին մէջ, նոր հաղորդակցութեանց միջոցները Աստուծոյ խօսքին ի սպաս''։







All the contents on this site are copyrighted ©.