2010-09-30 13:18:02

Յովիկ Աբրահամեան Զուիցերիա կայցելէ.


Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են ԱԺ առողջապահութեան, մայրութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստան-Զուիցերիա բարեկամական խումբի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի փոխ նախագահ Վարդան Բոստանջեանը, Սեպտեմբեր 28-ին հասաւՊեռն։ Զուիցերիոյ մայրաքաղաքին մէջ պատուիրակութեան միացաւ Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շարլ Ազնաւուրը։ Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի համանախագահներ Ուելի Լոյենբերերը եւ Տոմինիկ Տը Բյումանը բարձր գնահատեցին ՀՀ ԱԺ նախաահ Յովիկ Աբրահամեանի այցելութիւնը երկու երկիրներու բարեկամութիւնը եւ փոխ-գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ խորացնելու առումով։ Զուիցերիացի պատգամաւորները կարեւոր նկատեցին միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու խորացումը։ Զուիցերիոյ փոխնախագահ եւ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի-Ռէյ կը յայտնէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու գործընթացը շարունակելու բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ աշխուժ խորհրդակցութիւններ տեղի կ'ունենան։








All the contents on this site are copyrighted ©.