2010-09-30 13:24:36

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Զգուշացուց Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութենէն։


Չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2010, Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը` Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ազգային եւ կրօնական հարցեր։
Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի թէ մարոնիներու Սֆէյր պատրիարքը մօտ օրէն Հռոմ՝ պիտի մեկնի մասնակցելու համար Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին նախագահութեամբ՝ տեղի ունենալիք սիւնհոդոսին՝ նուիրուած՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ թէ՝ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը մտահոգիչ է եւ վտանգաւոր, որովհետեւ ան կրնայ աւելի եւս բարդանալ եւ բախումներու վերածուիլ։
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին՝ համախմբուելու երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն շուրջ, եւ զօրակցելու՝ երկրին ազգային միասնականութեան ամրապնդումին, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել այս նուրբ եւ զգայուն կացութիւնը։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.