2010-09-30 13:16:10

Հրանուշ Յակոբեանի Մամլոյ Ասուլիսը։


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ կառավարութեան մամլոյ կեդրոնին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով անդրադարձաւ նախարարութեան իրագործումներուն։ Նախարար Յակոբեան մանրամասնօրէն ներկայացուց նախորդ տարիներու ընթացքին կատարած աշխատանքները։ Հրանուշ Յակոբեան իբրեւ բացթողում առանձնացուց մասնագէտներուն անփորձութիւնը։ Անոր ելոյթին հետեւեցաւ նաեւ սփիւռքը՝ պատկերասփռուած ուղղակի կապի միջոցով։

Եթէ 2008 թուականի աւարտը կը նկատուէր սփիւռքի նախարարութեան սկզբնաւորման տարի, ապա 2009-ը(ըստ նախարարին) կարելի է նկատել նախարարութեան կայացման, հաստատման տարի, որուն ընթացքին իրականութիւն դարձան չորս սկզբունքային հարցեր՝ գաղափարական, իրաւական, կազմակերպչական եւ տնտեսական։ Ան 2010 թուականը որակեց իբրեւ սփիւռքի հիմնահարցերուն անդրադարձի եւ համահայկական քննարկումներու եւ երաշխաւորութիւններու տարի, իսկ 2011 ան կանխորոշեց դարձնել սփիւռքի միջազգայնացման ժամանակաշրջան։ Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց նաեւ իրականացուած կրթական եւ շրջանային ծրագիրները, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով եւ նախաձեռնութեամբ հրատարակուած 20 գիրքերը եւ երգերու խտասալիկները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին ու ՝՝Հայերը այսօր՝՝ համահայկական ելեկտրոնային թերթի լոյս ընծայման եւ նշուած ժամանակաշրջանին հրապարակուած աւելի քան 11,870 նիւթերու։Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին կից կը գործէ ատեան մը, որուն մէջ ներգրաւուած են սփիւռքահայեր եւ անոնք աշխուժ ձեւով կը մասնակցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուող եւ իրականացուող ծրագիրներուն։

Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ նախաձեռնուած 4 օրէնքներուն մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն եւ լրացումներուն, Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ընդունուած որոշումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.