2010-09-29 14:26:01

Հայապահպանութիւնը Ռազմավարական Խնդիր-Հաղորդագրութիւն։


ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան և Համաշխարհային հայկական գոնկրէսի կողմէ՝ տեղի կ՝ունենայ,համահայկական ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւն՝ հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդին համար ։

2010-ին՝ նախատեսուած է ՜՜ Լաւագոյն հայկական կրթօճախ՝՝ և ՜՜ Լաւագոյն հայկական

լրատուամիջոց՝՝ մրցոյթները։

Այս տարուայ Յունուարին մեկնարկած՝ համահայկական մրցոյթի նպատակն է՝ խրախուսել սփիւռքահայ համայնքներու մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումն ու զարգացումը՝՝ եւ գնահատել ռազմավարական այս գործին մէջ կազմակերպութիւններու և անհատներու ունեցած ներդրումը.

՜՜Լաւագոյն հայկական կրթօճախ՝՝ անուանակարգի մրցոյթին ներկայացուած են՝ 61 կրթական հաստատութիւն որոնց 30-ը միօրեայ 31-ը ամէնօրեայ դպրոցներ,

վարժարաններ եւ ճեմարաններ։

՜՜Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց՝՝ անուանակարգի մրցոյթին ներկայացուած են

50 լրատուամիջոց, որոնց 30-ը տպագիր լրատուամիջոց, 5 հեռուստաընկերութիւն . 7 ռատիօ և 8 ինթերնեթային լրատուամիջոց։

Սահմանուած են մրցանակներ՝ ՜՜Լաւագոյն հայկական կրթօճախ՝՝ անուանակարգին մէջ

մրցանակները սահմանուած են ամէնօրեայ և միօրեայ դպրոցներու համար ՜՜Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց՝՝ անուանակարգին մէջ մրցանակները սահմանուած են՝ լրատուական միջոցի իւրաքանչիւր տեսակի համար։

Կը նախատեսուին խրախուսական մրցանակներ ներկայացուած մասնակիցներուն այլ կազմակերպութիւններու կողմէ՝ հայապահպանութեան գործին մէջ անոնց ունեցած աւանդին համար։

Իւրաքանչիւր անուանակարգի համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան և Համաշխարհային հայկական Գոնկրեսի կողմէ տեղի կ՝ունենան մասնագիտական մրցութային յանձնաժողովներ։ Անոնք կը գնահատեն գործերը և կ՝ընտրեն մրցոյթին յաղթողները։

Մինչ այժմ յանձնաժողովները գումարած են աւելի քան 20 նիստ որոշելու մրցանակի մասնակցողները եւ ներկայացնելու ՜՜կազմկոմիտէին՝՝։

Մրցոյթի յայտարարման առաջին իսկ օրէն ՜՜կազմկոմիտէն՝՝ մեծ արձագանգ ստացաւ սփիւռքահայերէն։

Յիշեցնենք՝ որ մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին 2010ի հոկտեմբերին և ՜՜Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց՝՝ մրցոյթի յաղթողներուն մրցանակները պիտի տրուին ՜՜ Հայ լրագրողներու համաժողովի ընթացքին, ԼՂՀ.ի մէջ, իսկ ՜՜Լաւագոյն հայկական կրթօճախ՝՝ մրցոյթի յաղթողներու մրցանակները պիտի յանձնուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան և Համաշխարհային հայկական գոնկրեսի կողմէ մրցանակաբաշխութեան եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.