2010-09-29 14:23:12

Աւետարանական ուսումնասիրական խմբակ մը այցելեց Հ. Կ. Պատրիարքարան


Պէյրութ, Լիբանան - Երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, վեր. տոքթոր Րէմոն Պաքքէյի գլխաւորութեամբ տոքթորայի թեկնածու օտարահպատակ աւետարանական ուսանողներու պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն՝ վեր. Փօլ Հայտոսթեանի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան ամենապատիւ Տեր Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին հետ։

Հանդիպման ընթացքին, վեր. Փօլ Հայտոսթեան ներկայացուց պատուիրակութեան ընդհանուր գործունէութիւնը։ Այս պատուիրակութիւնը ներկայիս կը գտնուի Լիբանան, ուսումնասիրական շրջայցի մը ընթացքին, որ կ՛ընգրկէ նաեւ Սուրիան եւ Հայաստանը։

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ներկաներուն ծանօթացուց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմական նկարագիրը եւ առաքելութիւնը։ Այսուհետեւ ան յաջողութիւն մաղթեց այս ուսումնասիրական խմբակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.