2010-09-28 12:59:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Գաղթականներու Եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Ժողովականներուն։


Գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդը, 27-30 սեպտեմբեր՝ իր երկրորդ ժողովը կը գումարէ Սպանիոյ Ս. Յակոբ տէ Գոմբոսդելա սրբավայրին մէջ, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ. ''Ուխտագնացութիւններու ու սրբավայրերու հովուութիւնը''։ Ժողովին կը մասնակցին 5 ցամաքամասերէ 75 երկիրներու 250 ներկայացուցիչներ։

Անոնց ուղղած պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը կը յայտնէ թէ՝ ինք Ս. Պետրոսի յաջորդի պաշտօնը կը կատարէ, որպէս ուխտաւոր մը՝ որ կը քալէ աշխարհի ճամբաներու վրայ ամենայն յոյսով ու պարզութեամբ։ Արդարեւ իր քահանայապետութեան զինանիշը կը ներփակէ ուխտաւորի խեփոր՝պատեան մը, որպէս բացայայտ նշան անոր առաքելութեան։

Մենք կանչուած ենք աւետարանելու մեր աշխարհը, կ՝ըսէ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ, ուխտավայրերը պէտք է նկատել որպէս սուրբ վայրեր եւ հետեւաբար հարկաւոր է մօտենալ ամենայն բարեպաշտութեամբ ու յարգանքով։

Ապա Նորին Սրբութիւնը իր մաղթանքը կը յայտնէ որ ուխտավայրերը դառնան փարոսը եղբայրսիրութեան, եւ ուխտաւորներուն հիւրընկալութիւնը խնանմուած ըլլայ։

Իր քահանայապետութեան օրէն ասդին Նորին Սրբութիւնը այցելած է բազմաթիւ սրբավայրեր` Լեհաստան, Թուրքիա, Պրազիլ, Վիեննա, ֆրանսա, Ս. Երկիր եւ Փորթուկալ։

Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սպանիոյ Ս. Յակոբ տէ Գոմբոսդելա սրբավայրը պիտի այցելէ նոյեմբեր 6-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.