2010-09-28 13:53:06

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան-ի այցելութիւնը՝ Նափոլի։


Սեպտեմբեր 10եւ 11ին, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան գնաց Նափոլի , ուր հանդիպում ունեցաւ Նափոլիի նահանգապետ, Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ Լուիճի Չեզարոյի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Նափոլիի հետ Հայաստանի համագ-ործակցութեան խորացման, մարզային եւ քաղաքային մակարդակներով Նափոլի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրա-տընտեսական ու մշակութային կապերու հաստատման վերաբերող հարցեր։ Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ կազմակերպել Նափոլի նահանգային պատուիրակութեան այցելութիւն Հայաստան՝` համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով։ Սեպտեմբեր 11-ին դեսպան Կարապետեանը մասնակցեցաւ Նափոլիի հռչակաւոր յուշարձաններէն մէկուն՝ Castel dellOvo միջնադարեան ամրոցին մէջ կայացած , ՝՝Armeni՝՝ խորագրով հայ ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսի բացման, ուր ներկայացուած էին Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Չեխիայէն, Գանատայէն եւ ԱՄՆ-էն ժամանած 21 հայ գեղանկարիչ քանդակագործներու մօտ 200 ստեղծագործութիւններ։ Դեսպանը ելոյթին մէջ նշեց հայ մշակոյթի ներկայացման եւ յատկապէս Իտալիոյ մէջ հետեւողական մշակութային դիւանագիտութիւն իրականացնելու կարեւորութիւնը, ընդգծելով միջոցառման բացառիկ բնոյթը աշխարհի տարբեր երկրներէն հայ լաւագոյն արւեստագէտներու մասնակցութեան եւ ներկայացուած բարձրորակ գործերու քանակի իմաստով։ Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Նափոլի քաղաքապետարանի եւ նահանգապետարանի պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ իտալացի արուեստագէտներ ու բազմաթիւ այցելուներ։
Ցուցահանդէսը, որը կազմակերպած էին Հայաստանի դեսպանութիւնը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, իտալական Arte & Progress ընկերութիւնը, Մոսկուայի Հայ Նկարիչներու միութեան հետ համագործակցութեամբ, կը գործէ մինչեւ Սեպտեմբեր 28-ը։ Դեսպան Կարապետեան այցելեց նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր կը պահուի հայ մեծ սուրբի ամենակարեւոր մասունքը՝ Գանկը։ Եկեղեցին իտալական կաթողիկէ քոյրերու Սուրբ Խաչին նուիրուած միաբանութեան կը պատկանի եւ կը գտնուի Ս.Գրիգոր Հայը կոչուած նափոլիցիներու ծանօթ (San Gregorio Armeno) փողոցին վրայ։ Այցելութեան ընթացքին դեսպանը հանդիպեցաւ եկեղեցւոյ Ընդհանուր մեծաւորուհիին եւ միաբանութեան անդամներուն, որոնց ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան համար եւ նշեց, որ դեսպանութիւնը կ՝աջակցի հայաստանեան եւ իտալական զբօսաշրջիկային ընկերութիւններուն այս փաստը հանրայնացնելու ուղղութեամբ՝ կապերը Հայաստանի հետ գործօն դարձնելու եւ հայ ուխտաւորներու քարտէսին վրայ անպայմանօրէն այս սրբազան վայրը ընդրկելու նպատակով։ Դեսպան Կարապետեան ստորագրեց պատուոյ հիւրերու մատեանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.