2010-09-28 13:42:41

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ.


ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Հովանաւորութեամբ Լոս Անջըլըս թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, վերջերս տեղի ունեցաւ Հայ կնոջ տարուան նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը ։
Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ առիթին՝ գնահատելով Տիկնանց օժանդակ մարմինին անդամները, որոնք դարձեալ կազմակերպած էին ձեռնարկ մը, որ ՝՝հաճելին կը միացնէր օգտակարին՝՝։
Տիկնանց մարմինի ատենապետուհի Մարիամ Կարապետեան բացման իր խօսքին մէջ ՀՕՄ-ի 100-ամեակին առիթով բարի երթ մաղթեց միութեան՝ իր երկրորդ հարիւրամեակի սեմին։ Օրուան բանախօս տոքթ. Իտա Գարայեան խօսեցաւ ՝՝Հայ կնոջ դերը՝ զաւակներու դաստիարակութեան մէջ՝՝ նիւթին շուրջ։ Ան առաջին հերթին վեր առաւ մանուկին հիմնական կարիքները բնականոն աճի համար անհրաժեշտ նկատելով մայրերու օգնութիւնը իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք կեանքի նպատակակէտ ու տեսլական ունենան, զարգացնեն ընտանիքին ու շրջապատին հետ յարաբերելու յատկութիւնը, քայլ պահեն արագօրէն զարգացող աշխարհին հետ, իրենց պատկանելիութեան համար ունենան հպարտութեան զգացում ու դաստիարակուին հաւաքական ժառանգութիւններով։
Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ բարձր գնահատեց բանախօսին ներկայացուցած գաղափարներն ու թելադրանքները, ապա նաեւ արձագանգելով խօսուած կէտերուն՝ անհրաժեշտ նկատեց, որ հայ մայրն ու հայ կինը տէր կանգնին մեր արժէքներուն, իրենց զաւակներուն խօսին յատկապէս հայկական արժէքներու մասին, զարգացող աշխարհի մէջ մանուկները ուղղեն դէպի օգտակարն ու մնայունը, շեշտեն հայութեան պատկանելիութեան զգացումն ու հայութեամբ հպարտանալու կարեւորութիւնը եւ վերջապէս, մանուկին ու պատանիին մէջ սերմանեն Աստուծոյ սէրը։ Ան շեշտեց, որ հայ կինը՝ մայր, դաստիարակ թէ ընտանիքի կառավարիչ, կը հանդիսանայ ընկերութեան ու ազգին սիրտն ու հոգին։







All the contents on this site are copyrighted ©.