''Ուխտագնացութիւններու Եւ Սրբավայրերու Հովութիւնը'' Գլխաւոր Նիւթը Գաղթականներու
Եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդին։
''Ուխտագնացութիւններու Եւ Սրբավայրերու Հովութիւնը'' Գլխաւոր Նիւթը Կը Հանդիսանայ
Գաղթականներու Եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդին, Որ տեղի Կ'ունեայ Ներկայիս
Ս. Յակոբ Տէ Գոմբոսդելա Սրբավայրին Մէջ (27-30 սեպտեմբեր)։
18 տարի առաջ,
գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդը Հռոմի մէջ կազմակերպած էր
համաժողով մը ''Ուխտագնացութիւններու ու սրբավայրերու հովութիւնը'' նիւթով։
27-30
սեպտեմբեր գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդը իր երկրորդ միջազգային
հաւաքը կը կազմակերպէ Ս. Յակոբ տէ Գոմբոսդելա սրբավայրին մէջ։
Գերապայծառ
Վելիօ` նախագահը գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդին մամուլին
հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ թէ այդ խորհրդաժողովին նպատկն է.
- Ուսումնասիրել ուխտաւորին
դիմագիծը ու անոր ակնկալութիւնները, որպէսզի եկեղեցին կարողանայ լաւագոյն պատասխաններ
տալ անոր։