2010-09-27 13:17:34

Մեթիու Պրայզայի Թեկնածութեան Մասին։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յուսայ, որ Ծերակոյտը որքան շուտ հաստատէ Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար։ Պատասխանելով ՝՝Ամերիկայի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնին համար Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը կասեցնելու ծերակուտականներ Պարպարա Պոքսըրի եւ Ռոպըրթ Մենենտեսի փորձը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Մեթիու Պրայզա կը մնայ արտաքին գործոց նախարարութեան թեկնածուն։ Ըստ նախարարութեան, Պրայզա ունի այդ պաշտօնը ստանձնելու համար անհրաժեշտ փորձառութիւնը եւ որակաւորումը, հետեւաբար նախարարութիւնը կը յուսայ որ Ծերակոյտը ըստ որքան շուտ հաստատէ անոր թեկնածութիւնը։ Անշուշտ պէտք չէ կապ հաստատել, բայց ըլլայ երկու Ծերակուտականները,եւ ըլլայ Ամերիկայի Հայ Համայնքը կը յիշեն որ Մեթիու Պրայզայի կողակիցը ըլալով թրքուհի մը,շատ դժուար պիտի ըլլայ անոր համար անկողմնակալ մնալը։







All the contents on this site are copyrighted ©.