2010-09-27 12:38:01

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Խրիմեան Հայրիկ
16 Սեպտեմբեր 1869-ին՝
Խրիմեան Հայրիկ կ՝ընտրուէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք։


Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Խրիմեան Հայրիկ
16 Սեպտեմբեր 1869-ին՝
Խրիմեան Հայրիկ կ՝ընտրուէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք։

141 տարի առաջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք ընտրուեցաւ Մկրտիչ Եպս. Խրիմեան, որ արդէն հայ իրականութեան մէջ հռչակուած էր իբրեւ Հայրիկ՝ բուն Երկրի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ իր ծաւալած ազգանուէր ու ժողովրդանուէր բեղուն գործունէութեան համար։
Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործունէութեան առանձնայատուկ մէկ փուլը եւ մեծապէս ուսանելի շրջանը կը կազմէ պատրիարքական պաշտօնավարութիւնը, որ կարճատեւ եղաւ եւ վերջ գտաւ Հայրիկի հրաժարականով 3 Օգոստոս 1873ին։

Խրիմեան Հայրիկ պատրիարք ընտրուեցաւ իր բացակայութեան, երբ Տարօնի շրջանի հովուապետն էր եւ իր անունին արդէն կապած էր բուն Երկրի հայութեան ազգային լուսաւորութեան կրթական մեծ գործին եւ ազատագրումի գաղափարներուն տարածման ու ժողովրդականացման ամբողջապէս նուիրուած հոգեմտաւոր առաջնորդի արժանաշատ վաստակ մը։ Կենսագիրները կը վկայեն, որ Պատրիարքական Աթոռի ստանձնման համար Խրիմեան Հայրիկի Պոլիս ուղեւորութիւնը աւելի քան երկու ամիս տեւեց, ժողովրդային խուռներամ թափօրի ընկերակցութեամբ հայկական գաւառի ողջ տարածքով յառաջացող ուխտագնացութեան բնոյթ ստացաւ եւ երբ Նոյեմբերի վերջին օրերուն հասաւ Պոլիս՝ նոյնպէս համաժողովրդային մեծ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ։

Համազգային խանդավառութեան ու յոյսերու այդ մթնոլորտին կարձագանգէր օրին Պետրոս Դուրեան՝ գրելով իր ՝՝Ո՞վ է կու գայ. թագաւո՞ր մը։ Ո՛չ. սեւ սքեմ մը ուսին՝ Հայոց Հայրիկն է, որ կու գայ՝՝ քերթուածը։
Լիովին հիմնաւոր էր հայ ժողովուրդին խանդավառութիւնը Հայրիկի Պատրիարքութեամբ, որովհետեւ Նախ՝ Խրիմեան գլխաւոր դրօշակիրներէն եղած էր Ազգային Սահմանադրութեան ի խնդիր մղուած պայքարին, 1850ականներուն, իբրեւ հոգեւոր քարոզիչ իր Պոլիս գտնուած շրջանին.

Ապա՝ Խրիմեան յառաջապահն էր հայ ազային-եկեղեցական իշխանութիւնները հայկական գաւառին, իմա՛ ժողովրդային հակակշռի տակ պահելու մեծ սկզբունքին, որ վտանգուած էր սուլթանի կառավարութեան կողմէ Ազգային Սահմանադրութեան պարտադրուած վերաքննութեամբ։
Եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն Խրիմեան Պատրիարք լծուեցաւ ազգային ժողովականութիւնը ժողովրդային հակակշռի ենթարկող կանոնադրութեան մշակումին, հայկական գաւառներու ժողովականութեան դերը շեշտելով ու ընդլայնելով եւ մայրաքաղաք Պոլսոյ համար տեղական ժողովականութիւն առաջացնելու սկզբունքով։ Այդ պատճառով ալ Պոլսոյ ամիրայական եւ աղայական խաւին հետ անմիջապէս սրուեցան Պատրիարք Հայրիկին յարաբերութիւնները, ազգային ժողովականութեան կարեւոր մասը կազմող պահպանողական երեսփոխանները հրաժարեցան եւ Պոլսոյ ու Գաւառի միջեւ բուռն պայքար մը ծաւալեցաւ Պատրիարքութեան ժողովական կեանքին, ինչպէս նաեւ խորհուրդներու գործունէութեան մէջ։

Խրիմեան Պատրիարք անշուշտ խիզախ մարդ էր եւ համազգային մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր ու կրցաւ ազգային ժողովականութիւնը նոր ուժերով թարմացնել։ Բայց իր դէմ պայքարը շարունակ սաստկացում արձանագրեց, նաեւ՝ պետական ճնշումի եւ կաշկանդումի բնոյթ ստացաւ, որոնց հետեւանքով մեծապէս սահմանափակուեցան Պատրիարքարանի տնտեսական հնարաւորութիւնները։ Թէեւ Հայրիկ ձեռնամուխ եղաւ ժողովրդային հանգանակութիւններով լրացնելու ստեղծուած բացերը, այսուհանդերձ՝ յատկապէս հայկական գաւառներու ուղղութեամբ նախակրթական դպրոցներու ցանցը ընդլայնելու Հայրիկի մտասեւեռումը անյաղթահարելի արգելքներու բախեցաւ եւ մասնակիօրէն իրականացաւ։

Աւելի քան երեք տարի պայքարելէ ետք, մանաւանդ դէմ յանդիման կանգնելով ազգային ժողովականութեան ՝՝ճառախտ՝՝ ի անբուժելի հիւանդութեան, 3 Օգոստոս 1873ին Խրիմեան Հայրիկ իր առաջին հրաժարականը ներկայացուց եւ գործնապէս հրաժարեցաւ Նոյեմբերին ու վերադարձաւ Վան, իր ծննդավայրը, ուրկէ թափ առած էր ազային-հոգեմտաւոր իր ծառայութիւնը։
Պատրիարքութենէն հրաժարումով Հայրիկ նորովի սկիզբ մը դրաւ ազգային իր ծառայութեան հետագայ ուղիին համար, 1878ին գլխաւորեց Պերլինի վեհաժողովին ղրկուած հայկական պատուիրակութիւնը, իսկ 1890ականներուն ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Պատրիարքութեան Աթոռէն իր հրաժարականի րութեան մէջ Հայրիկ 14 կէտերով ամփոփեց ազգային իշխանութեանց հետ կապուած իր դժգոհութիւններն ու բարեփոխման առաջարկութիւնները, որոնք ուղեցոյցի իրենց նշանակութիւնը երկար ժամանակ պահեցին եւ կը պահեն, որոշ կէտերով, նաեւ մերօրեայ ազգային իշխանութեանց ղեկավարման եղանակին համար։

Օրմանեանի համաձայն Սեպտեմբեր 4ին, իսկ Գասպար Իփէկեանի համաձայն Սեպտեմբեր 16-ին, 141 տարի առաջ, Հայոց Հայրիկը ընտրուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք եւ նոր հորիզոն բացաւ հայոց ազային-քաղաքական զարթօնքի մեծ հոսանքին առջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.