2010-09-27 13:25:04

Իսրայէլի կողմէ բնակեցման վայրերու կառուցման աշխատանքներու տասը ամսուան սառեցման ժամկէտը վերջ տաւ երէկ կէս իշերին։


Այս առթիւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Անդրյորդանանի մէջ բնակողներուն կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու։ Նեթանիահու հաղորդագրութեան մը մէջ կոչ ուղղեց այսօր եւ ապագային ինքնազսպում եւ պատասխանատու կեցուածք ցուցաբերելու, ճիշդ ինչպէս նոր կառուցումներու առկախման տասը ամիսներուն ընթացքին անոնք ինքնազսպում եւ պատասխանատու կեցուածք ցուցաբերեցին։ Նեթանիահու նաեւ նախարարաց խորհուրդի անդամներէն խնդրեց լրատուամիջոցներուն այս հարցին շուրջ չարտայայտուիլ։ Սակայն Իսրայէլի կենսոլորտի նախարար Կիլատ Էրտան իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ժամկէտի աւարտէն ետք շինարարական աշխատանքները պիտի վերսկսին, նոյնիսկ եթէ պատճառ դառնան պաղեստինցիներուն հետ բանակցութեանց ականահարման։ Միւս կողմէ Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ եւ իսրայէլացի բանագնաց Եիցհաք Մոլչօ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս հարցին շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն, իրողութիւն մը, որ մետասաներորդ պահու համաձայնութեան մը կարելիութեան առջեւ դուռը բաց կը ձգէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.