2010-09-26 13:38:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի 26 սեպտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը պատմէ հարուստ մարդու եւ աղքատ Ղազարի առակը։ Առաջինը կ'ապրի զեխութեան եւ անհատապաշտութեան մէջ։ Կը մեռնի եւ դժոխք կը վերջանայ։ Իսկ աղքատը, որ կը սնանէր հարուստի աւելցուքներէն երբ կը մեռնի հրեշտակները զինք կը տանին Աստուծոյ յաւիտենական տունը։ Սակայն առակին պատգամը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեզի կը յիշեցնէ որ ցորքան այս աշխարհի վրայ ենք կանչուած ենք անսալու Տիրոջ խօսքին, որ մեզի կը խօսի Ս. Գիրքի միջոցաւ, եւ աշխատիլ անոր կամքը կատարել, ապա թէ ոչ մահէն ետք ուշ է հայցել Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Սիրելիներ ըսաւ Սրբազան Հայրը այս առակը մեզի երկու բան կը սորվեցնէ. առաջինը` թէ Աստուած կը սիրէ աղքատները եւ խորահեցումէն կը փրկէ։ Եկրորդը թէ մեր յաւիտենական վախճանը կախում ունի մեր ընթացքէն, մեզի կ'իյնայ Տիրոջ ետեւէն քալել յաւիտենական կեանքին հասնելու համար եւ այդ ճանաբարհը սէր է, ոչ հսկցուած որպէս զգայնութիւն այլ ծառայութիւն ուրիշին, Քրիստոսի սիրոյն նմանութեամբ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջոնեց ներկաները մաղթելով որ Ս. Կոյս Մարիամը եւ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռափայէլ հետշտակապետները օգնեն մեզի ապրիլ հաւատքով ու սիրով եւ բարի մարեմեան ս. վարդարանի ամիս որ պիտի սկսի հոկտեմբեր ամիսը ։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ Բարի շաբաթ մը։

Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մասնանշեց թէ յառաջիկայ ուրբաթ օրը Հռոմ կը վերադառնայ։



իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.