2010-09-26 13:40:11

Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համագումար Պէյրութի մէջ ։


Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համագումար Պէյրութի մէջ ։

Լիբանան - 24 եւ 25 Սեպտեմբեր 2010-ին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համագումարին նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Ժողովին մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներ եւ ներկայցաուցիչներ։ Երկու օր տեւող Համագումարին ընթացքի շօշափուեցան նիւթեր հաղորդակցութեան միջոցներու այսօրուան իրողութեան եւ ապագայի դերին մասին

Փակման խօսքը արտասանեց Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը.

Ան ըսաւ.

Յոյժ սիրելի մասնակիցներ Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համագումարին՝

Լաւ լրագրողը, եւ ընդհանրապէս ամէն հաղորդակցութեան միջոց գործածողը, պարտի փնտռել միշտ ճշմարտութիւնը, անկախաբար որեւէ անձնական շահէ, պարտի նաեւ աճեցնել անհատին արժանապատուութիւնը եւ աշխատիլ հաստատօրէն ընդհանուրին բարիքին համար։ Այս երեք սկզբունքները, զուգուած քրիստոնէական վկայութեան հետ, կը կազմեն հիմնական մեկնակէտները, որոնք պէտք է ուղղեն իւրաքանչիւր քրիստոնեայ լրագրողը։

Կարդ. Ֆոլէյ, նախկին Հաղրդակցութեան Միջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդի ատենապետը, այսպէս կը նկարագրէ սոյն 3 սկզբունքները՝

ա- Ճշմարտութեան նախապատուութիւնը։ Բնաւ չենք կրնար արդարանալ, երբ սուտ լուրեր կը հաղորդենք։

բ- Անհատին արժանապատուութիւնը։ Մեր հաղորդումը պէտք է այնպէս կատարուի, որ աճեցնէ, եւ ոչ վարկաբեկէ մարդկային բնածին արժանապատուութիւնը։

գ- Հասարակաց բարիքը։ Մեր հաղորդակցութիւնը պէտք է նպաստէ հասարակական բարիքին եւ ոչ անոր վնաս հասցնէ՝ բարոյապէս եւ կամ որեւէ ուրիշ ձեւով։

Եւ կաւելցնէ. Եթէ լուրեր սփռողները առաջնորդուին սոյն երեք սկզբունքներէն եւ զանոնք յարգեն մեր աշխարհը ապահովաբար քիչ մը աւելի խաղաղ եւ երջանիկ պիտի ըլլայ։

Եկեղեցին, առաջին դարէն իսկ, սփռեց բարի լուրը՝ բերանացի եւ յետոյ գրաւոր կերպով։ ՜՜Աւետարան՝՝ կը նշանակէ աւետել բարի լուրը, որ է՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը մեռելներուն մէջէն։

Հետեւելով նոյն նպատակին, Եկեղեցին կարողացաւ 1931 Փետրուար 12ին, Կուլիելմօ Մարքոնիի՝ նշանաւոր գիտնականի շնորհիւ, սրբազան քահանաապետին՝ Պիոս ԺԱ.ին պատգամը սփռել համայն աշխարհին, որ առաջինը հանդիսացաւ պատմութեան մէջ՝ Ռատիօ Վատիկանի միջոցաւ իտալերէն լեզուով։ Հետզհետէ սփռումները կատարուեցան աշխարհի բոլոր լեզուներով։ Ներկայիս, մենք ունինք Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժինը, որուն տնօրէնն է Յարգոյ Սարկաւագ Տէր Միքայէլ Ճէնճի, որ իր աշխոյժ աշխատակիցներուն հետ կապահովցնէ օրական քսան վայրկեան ճոխ հաղորդում մը։

1963ին՝ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը հրապարակեց Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու վճիռը։ Առաջին անամ ըլլալով պատմութեան մէջ, որ Տիեզերական ժողով մը այսքան մօտէն կը հետաքրքրուէր Հաղորդակցութեան Միջոցներու հարցով, նկատի առնելով անոնց տարողութեան եւ կարեւորութեան մասին։ Եւ որպէս բնական հետեւողութիւն, 1964ին՝ Պօղոս Զ. սրբազան քահանայապետը հիմնեց Հաղորդակցութեան Միջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը։ Իսկ 1983ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը հիմնեց Վատիկանեան Հեռուստատեսիլի Կեդրոնը։

Նկատի ունենալով անհրաժեշտութիւնը աշխուժացնելու Հաղորդակցութեան Միջոցներու աշխատանքը մեր համայնքէն ներս, մեր Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, 2007-ի նիստին ընթացքին, որոշեց վերահաստատել Մամուլի Օրը։ Նոյն ատեն, հիմնեց Հաղորդակցութեան Միջոցներու Պատրիարքական Յանձնախումբը գլխաւորութեամբ Գերպ. Հ. Ռափայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մինասեանի եւ անդամակցութեամբ Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ.Վրդ. Քէլէկեանի, Գեր. Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանի, Յարգոյ Միքայէլ Սկ. Ճէնճիի, քոյր Արմինէ Մակարոսեանի եւ Տիարք Սարգիս Նաճարեանի եւ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի, այժմ Տէր Ռաֆֆի քահանան։

Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը կը համարի որ պէտք է նկատել լրագրութիւնը որպէս նուիրական գործ՝ սահմանուած ճշմարտութիւնը ծանուցանելու։ Եւ կը ճշդէ ըսելով՝ Կարելի չէ բաժնել լրագրութիւնը բարոյական արժէքներէ։ Դժբախտաբար, ներկայ լրագրողները, շատ անգամ, զանց կառնեն ճշմարտութիւնը եւ բարոյական սկզբունքները՝ նիւթական շահերու եւ կամ քաղաքական նպատակներու պատճառով։ Այս պարագային, լրագրողը կը կորսնցնէ իր պաշտօնին վսեմ հանգամանքը, որ է ճշմարտութիւնը անվթար սփռել իւրաքանչիւրին, եւ ընդհանուրին բարիքին համար։

Սիրելիներ, դուք, որպէս զանազան Հաղորդակցութեան Միջոցներու անդամներ, մաս կը կազմէք այս հսկայական եւ անծայրածիր Հաղորդակցութեան աշխարհին։

Կը մաղթեմ որ միշտ բարձր պահէք այս նուիրական գործը, սփռելով քրիստոնէական ճշմարտութիւնները՝ մարդիկը Աստուծոյ աւելի մօտեցնելու նպատակով, որպէսզի անոնք աւելի խաղաղ ապրին եւ երջանիկ ըլլան։ Ինչպէս նաեւ պիտի աշխատիք հաստատ փաստարկութիւններով պաշտպանելու ազային իրաւունքները եւ արժէքները։ Այս ընթացքով դուք բարձր պիտի գերադասուիք եւ մարդիկ ձեզ պիտի զանազանեն միւս լրագրողներէն, որպէս արդարամիտ, անկաշառ եւ պարկեշտ Հաղորդակցութեան Միջոցներու արժէքաւոր եւ գնահատուած գործակատարներ։

Զայս կը մաղթեմ իւրաքանչիւրիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.