2010-09-26 13:40:33

 Աստուծոյ Աղախին Գիարա Պատանօ որ Երանելիներու Կարգին մէջ Դասուեցաւ .


Հռոմի Տիվինօ Ամօրը Սրբավայրին մէջ կայացած արարողութեան ընթացքին(,շաբաթ,25 սեպտեմբեր) գլխաւորութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ներկայացուցիչ եւ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչ Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթոյի ,Աստուծոյ Աղախին աշխարհական, Գիարա Պատանօ Երանուհի հռչակուեցաւ։
Ան ծնած էր 1971ին Իտալիոյ Լիկուրիա մարզի Սասէլլօ վայրը. փոքր հասակէն կը զանազանուէր տարեցներու,աղքատներու եւ ընկերութենէն անտեսուածներու նկատմամբ ցոյց տուած սէրովը,որոնց իր առօրեայի մեծ մասը կը յատկացնէր,ինչպէս նաեւ իր նախասիրութեամբը ափրիկեցի երախաներուն . իր մեծ փափաքն էր Ափրիկէ երթալ որպէս բշժկուհի ։ Առաջին Հաղորդութեան օրը կը ստանայ որպէս նուէր Աւետարանը որ կը կոչէր ՝՝հոյակապ գիրք մը՝՝ եւ ՝՝արտակարգ պատգամ ՝՝ մը։ Ինը տարեկանին Գիարա կ՝անդամակցի ֆոքոլարի Շարժումի ՝՝Ճէն՝՝ այսինքն ՝՝նոր սերունդ՝՝ կոչուած միութեան ,մեծ բարեկամութիւն հաստատելով ֆոքոլարի շարժումի հիմնադրուհի Գիարա Լուպիխի հետ,երկար թղթակցութիւններով։ 16 տարեկանին մինչ լիկէոն կը յաճախէր հիւանդութիւնը կը ներխուժէ իր կեանքէն ներս,ոսկրային խլիրդը որ զայն անշարժութեան պիտի մատնէր շարք մը վիրաբուժական անօգուտ գործողութիւններէ ետք։ Նախ քան մահը տառապանքի երեք տարիներուն Գիարա տուած է աստուածաբանական առաքինութիւններու լուսաւոր վկայութիւնը,այն է՝հաւատքի,յոյսի եւ սիրոյ որ կը մշակէր իր հոգիին մէջ մանկութենէն սկսեալ։ Իր հիւանդութիւնը ապրեցաւ հանդարտութեամբ ,ընդունելով կամքը Աստուծոյ, եւ լուսաւորելով իր շուրջ գտնուող բոլոր անոնք՝ Աստուծոյ ու մերձաւորի նկատմամբ տածած իր սիրոյ վեհութեամբը ։ Վախճանած է 7 հոկտեմբեր 1990ին։

Այսօր կիրակի 26 Սեպտեմբեր ,Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ ,Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան գեղեցիկ Տաճարին մէջ մատոյց Գոհաբանական Պատարագ, Գիարա Պատանոյի Երանացման համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.