2010-09-25 12:20:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

Քահանայապետական Անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Գերապայծառ Ճիովաննի տ'Անիէլլօ-ն նշանակեց առաքելական դեսպան Թայլանտիայի եւ Գամպոճայի մօտ, ինչպէս նաեւ որպէս առաքելական պատուիրակ՝ Նիսացնմարի եւ Լակոսի մօտ։

Գերապայծառ տ'Անիէլլօ մինչեւ այսօր առաքելական դեսպան էր Գոնկոյի հանրավար հանրապետութեան մօտ։ Ան, իր այս նոր պաշտօնով կը յաջորդէ գերապայծառ Սալվատորէ Բեննագիոյին, որ իր կարգին նշանակուեցաւ առաքելական դեսպան Հնդկաստանի մօտ։

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։

Վատիկանի Արտգործնախարարութեան Ենթաքարտուղարի Միջամտութիւնը Միջուկային Զէնքերու Համաժողովին. ՜՜ Խաղաղութիւնը Կարելի Է Առանց Տէր Դառնալու Միջուկային Զէնքին՝՝։

Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսդրերօ, խօսք առնելով՝ Վիէննայի միջուկային զէնքի 54-րդ նիստին, հաստատեց թէ՝ կարելի է խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը հաստատել ազգերու միջեւ, առանց տէր դառնալու միջուկային զէնքին։

Նշենք թէ Ս. Աթոռը հիմնադիր մարմինն է Վիէննայի միջուկային խորհուրդին։ Անցեալ 2008-ին Վատիկանի արտգործ նախարարը՝ գերապայծառ Մանպերթի խօսք առնելով հրաւիրեց ժողովականները պայքարելու կորիզային ահաբեկչութեան դէմ , զարգացնելով միջուկային անվտանգութեան դրութիւնը, որպէսզի միջուկային չգործածուին ազգերու դէմ։

Չինաստանի մէջ նորօծ երկու եպիսկոպոսներ, կը հաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը՝ Սրբազան Քահանայապետին։

48 ամեայ Հայր Փիթըր Վու Եունվէյ, 21 սեպտեմբերին եպիսկոպոս օծուեցաւ Չինաստանի Ծինճեան թեմին։ Ծիսակատարութեան աւարտին աւելի քան 2000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ եւ 140 քահանաներու մասնակցութեամբ հաստատեց իր վճռակամութիւնը՝ ՜՜ հաւատարիմ մնալու Սրբազան Քահանայապետին՝՝ այսպէս կը հաղորդագրէ ՜՜Ասիոյ Եկեղեցի՝՝ գործակալութիւնը։

Նախապէս, մի քանի օր առաջ Շանքսի մարզին մէջ տեղի ունեցաւ այլ եպիսկոպոսական օծում մը, անուանուած Քահանայապետէն, յանձին 47 ամեայ Հայր Փօլ Մենկ Նինճու-ի որ եպիսկոպոս օծուեցաւ ներկայութեամբ աւելի քան 5 հազար հաւատացեալներու եւ մասնակցութեամբ 116 քահանաներու։ Նորօծ եպիսկոպոսը յայտարարեց ՜՜աշխատիլ թեմին միութեան, հաւատացեալներու միջեւ հաղորդութեան եւ աւետարանութեան ի խնդիր՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.